ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդը Արցախի հարցով կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի միջնորդութեան

04 de diciembre de 2017

serge-OCSTՄԻՆՍԿ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Նոյեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Մինսկ՝ մասնակցելու համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Սոյն նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու սեղմ կազմով հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով: Օրակարգի վրայ էր ՀԱՊԿի յետագայ զարգացման ուղղուած միջոցառումներու ամբողջ համալիրի քննարկումը:

Խորհուրդի սեղմ կազմով նիստին յաջորդած լիագումար նիստին, կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախագահները ստորագրեցին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութեան իրագործման:

Նստաշրջանի շրջագիծին մէջ քննարկուած աւելի քան երկու տասնեակ հարցերու շարքին, որդեգրուեցան նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած «ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման հարցում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների միջնորդական ջանքերին աջակցելու» վերաբերեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու նախագահները անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահողներու միջնորդական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հիմնահարցի կարգաւորման յայտնի երեք՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն:

Կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի օրակարգին վրայ են նաեւ միջազգային իրավիճակի զարգացման միտումներու, միջազգային անվտանգութեան արդիական հարցերուն վերաբերեալ քննարկումները, ՀԱՊԿ ռազմական բաղադրիչի յետագայ զարգացման եւ կազմակերպութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ քարտուղարութեան եւ ՀԱՊԿ միասնական շտապի կառուցուածքի, ՀԱՊԿ 2018ի պիւտճէի ընդունման վերաբերեալ հարցերը:

Մինսկի մէջ արդէն տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատար Արամ Թանանեան: