ՀՀ Նախագահը վստահ է` հակամարտութիւնը լուծելու միայն մէկ ճանապարհ կայ

15 de febrero de 2019

armen-sarkissianՓոքր տարածաշրջանին մէջ, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ, որ մենք կ՛անուանենք Արցախի Հանրապետութիւն, սառեցուած հակամարտութիւնը քանի դեռ կարգաւորուած չէ, կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ ճիշդ չկառավարուի: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան` ելոյթ ունենալով Գերմանիոյ Հայտելպերգի համալսարանի ուսանողներու եւ դասախօսներու առջեւ:

«Ինծի համար չկայ այլ ուղի, քան հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով: Ցանկացած այլ տարբերակ բոլորին համար պիտի ըլլայ բացարձակ կործանարար: Եւ այստեղ կարեւոր չէ, թէ որքան հզօր ես, սպառազինութեան վրայ որքան գումար կը ծախսես կամ որքան մեծ է բանակդ: Այս տարածքին մէջ կեդրոնացած են տարբեր հետաքրքրութիւններ, մարտահրաւէրներ: Սա իսկապէս տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմէրուկ է: Տեսէք, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ. Սուրիան, Մերձաւոր Արեւելքը շատ հեռու չեն, կամ Իրանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը, Թուրքիան, Ռուսիան»,– ըսած է ան:

Ըստ Սարգսեանի` այստեղ նոյնիսկ ամենափոքր ապակայունացնող երեւոյթը շատ կործանարար պիտի ըլլայ: Ուստի կայ միայն մէկ ուղի` հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը:

Սարգսեան յուսով է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնուած պիտի ըլլայ բանականութեան, մարդկային արժէքներու վրայ: Ան նաեւ յուսով է, որ վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները: