ՀՄԸՄ-ի Քեսապի բանակավայրը իր դռները վերստին բացաւ բանակողներուն դիմաց

14 de agosto de 2018

Homenetmen-KessabԿիլիկիոյ հայկական վերջին աւանին՝ Քեսապի էքիզօլուքէն Աճամ (բենելեկ) տանող ճամբուն աջակողմեան բարձունքին ծովու մակերեսէն 800 քմ. Բարձրութեան վրայ կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի Քեսապի բանակավայրը։ Նախքան այս բանակավայրի շինութիւնը 1950-ական թուականներուն  ՀՄԸՄ-ը բանակավայր մը ունէր էքիզօլուքի նշանաւոր ակին վերեւի հողաշերտին վրայ՝ ներկայիս «Պանդոկ Չաղլաս» ։ Պանդոկին շինութենէն ետք՝ 1960-1970 թուականներուն, բանակումները տեղի ունեցան պանդոկին յարակից հարթակին վրայ։ Հակառակ անոր որ բանակավայրը չունէր կայուն կառոյց, սակայն իւրաքանչիւր բանակողի համար իտէալական վայր մըն էր ան:

ՀՄԸՄ-ը մեծ դպրոց մըն է, իսկ բանակավայրը այդ դպրոցին չարքաշ դաստիարակութեան վայրը. սկաուտը մարզանքի ժամերուն կը մարզէ մարմինը, դասախօսութիւններով կը զարգացնէ միտքը, երգերով կը ներշնչուի հայրենասիրութեամբ, իսկ ձեռային աշխատանքներով կը նրբացնէ ճաշակը բնութեան այս գեղատեսիլ վայրին մէջ: Սկաուտին համար բանակավայրը կարեւորագոյն ամրոցն է:

Այդ տարիներուն, Շրջ. Վարչութիւնն ու Շրջ. Սկ. Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Քեսապի երէց եղբայրները ամէն ջանք թափեցին այսօրուան հողաշերտը գնելու քանի մը գիւղացիներէ եւ տրամադրելու  ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն։

1976֊-էն մինչեւ օրս, բանակավայրը կը ծառայէ ՀՄԸՄ-֊ական Արիներուն։ Էքիզօլուքի մշուշոտ, խոնաւ եւ անձրեւոտ ըլլալուն պատճառով կարիք կը սգացուի շենքի մը, որուն երդիքին տակ բանակողները պիտի պաշտպանուէին անձրեւէն եւ կիզիչ արեւէն։

Շրջ. Վարչութեան եւ սկաուտ խորհուրդներու ջանքերով 1978-֊ին կը կառուցուի հաստատուն շէնք մը, նոյն թուականին բանակավայրին կը միանայ պետական ելեկտրականութեան հոսանքը, բանակավայրը կ’ունենայ նաեւ բնական ակ մը, որ մինչեւ օրս ջուր կը հայթաթէ բանակողներուն: 1997֊-ին շէնքը առաստաղի փճացումին պատճառով կը բարենորոգուի եւ աւելի ընդունելի ու ընդարձակ կառոյց մը կը դառնայ. Կ’օժտուի Շտապ Օգնութեան սենեակով, մեծ խոհանոցով, բաղնիքներով, լուացարաններով եւ ճաշասրահով, այդ օրերէն բանակումները սկսած էին արդէն երկսեռ ըլլալ։

KessabՆոյն թուականին, նկատի ունենալով որ սկաուտի դաւանանքին մէջ իսկ կը յիշուի, որ սկաուտը կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ բոյսերը, տեղի կ’ունենայ ծառատնկում՝ «ծառ մնալ ես նուիրեմ» կարգախօսով: Բանակավայրը կ’օժտուի 100 ծառով՝ շուքին հաւաքուելու տեղ տրամադրելու բանակողներուն եւ բանակավայրին տեսքը աւելի գեղեցիկ դարձնելու համար: Հիմնական նուիրատուները կ’ըլլան երէց քոյրեր եւ եղբայրներ։ 1988֊-ին երկրորդ հողաշերտ մը կը գնուի եւ բանակավայրը կ’օժտուի հինգ հողաշերտ յարկերով:  Այդ օրերուն, քաղաքական պայմաններու բերումով, արգիլուած էին վրանաբնակ բանակումները. ուստի օրուան վարչութիւնը երրորդ յարկին վրայ կը կառուցէ հինգ տնակներ, որպէսզի սկաուտները գիշերեն ապահով քարաշէն տնակներուն մէջ:

 

Տարուէ տարի բանակավայրը կը բարենորոգուի, տեղի կ’ունենան բազմաթիւ բանակումներ, կը հիւրընկալուին երիտասարդական, պատանեկան միութիւններ, տեղի կ’ունենայ Պաղտատի սկաուտներու բանակում, արաբական վաշտի երկրորդ կարգի սեմինար, ինչպէս նաեւ միջմասնաճիւղային զանազան բանակումներ, Սուրիոյ Ա. Կարգի առաջին սեմինար, ինչպէս նաեւ Քեսապի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ սկաուտներուն բանակումները, իսկ Հալէպ մասնաճիւղը տարեկան կը կատարէր հինգ բանակում՝ մեծ թիւ ունենալուն պատճառով, իսկ իւրաքանչիւր բանակումի աւարտին տեղի կ’ունենար մեծ շուքով խարուկահանդէս. բանակողները «Հրաժեշտի Երգ»ով կը բաժնուէին՝ կրկին հադիպելու նոյն վայրին մէջ:

Դժբախտաբար 2010֊-ի «հրաժեշտի Երգ»ը վերջինը եղաւ։

Homenetmen-Kessab-12014֊-ի Մարտին ընդդիմադիր ուժեր վայրագօրէն ներխուժեցին Քեսապ: Բանակավայրը յայտնուեցաւ զինեալ ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ եւ կրեց լուրջ վնասներ։ Երբ Քեսապը ամիսներ ետք ազատագրուեցաւ  Սուրիոյ բանակին կողմէ, բանակավայրը 4 տարի օգտագործուեցաւ իբրեւ զօրանոց։ Քեսապի ազատագրումէն չորս տարի ետք, Սուրիոյ բանակը, ապահով տարածք համարելով շրջանը, բանակավայրը յանձնեց իրաւատիրոջ՝ ՀՄԸՄ-֊ին։ Նկատի ունենալով որ գարունը աւարտին կը հասնէր, իսկ ամրան բանակումներ պիտի կազմակերպուէին, Պատկան Մարմինի թելադրանքով Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը գործի լծուեցաւ եւ սկսաւ վերանորոգման աշխատանքներուն:

Կազմեց յանձնախումբ մը՝ գործը վստահելով Քեսապի հաւատաւոր տղոց, որոնք աշխատանքը լրումին հասցուցին: 100-ամեակին, Օգոստոսի սկիզբը, բանակավայրը պատրաստ էր արդէն ընդունելու բանակող քոյրերը եւ եղբայրները, որպէսզի անոնք վերստին ծաղկեցնեն եւ զուարթ երգերով ու կանչերով, վերանորոգ կամքով շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ իրեց հարազատ օճախին մէջ:

Ժիրայր Կարապետեան