ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ

08 de junio de 2018

Diaspora_HomenetmenՅունիս 6-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը: Հանդիպումին կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանը, ներկայացուցիչներ՝  Հայաստանի արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններէն, Հայաստանի ոստիկանութենէն, Երեւանի քաղաքապետարանէն։

 Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը պիտի կատարուին յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով: «Անգնահատելի եւ անուրանալի է ՀՄԸՄ-ին դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ սկաուտական շարժման զարգացման մէջ», նշեց նախարար Հայրապետեան:

 Դաւիթ Յակոբեան տեղեկացուց, որ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, պաշտպանութեան ու սփիւռքի նախարարներուն հետ, եւ կազմակերպութեան  100-ամեակի բոլորը ծրագիրները վերահաստատուած են, կազմակերպման ընթացքի մէջ են:

ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց 100-ամեակի ծրագիրը, եւ քննարկման միջոցով բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց կատարելիքները, նախաձեռնութիւններու վերջնական ժամանակացոյցը: Օշին Փիրումեան ընդգծեց, որ 19-29 յուլիսին Հայաստան պիտի գտնուին 22 երկիրներէ 1200 սկաուտներ, իսկ բանակումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բիւրականի կեդրոնական բանակավայրին մէջ։

 ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի հրապարակման մասին զեկուցեց Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի նամակատան վարչութեան պետ Ծովինար Գալստեան: