ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը Արցախի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանի հետ

26 de noviembre de 2019

????????????????????????????????????

20 նո­յեմբե­րին ՀՅԴ Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի ներկա­յա­ցուցիչ Դաւիթ Իշխա­նեանն ու ՀՅԴ Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի անդամ, Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Ազգա­յին ժո­ղո­վի փոխնա­խա­գահ Վահրամ Բա­լա­յեան ՀՅԴ Արցա­խի «Նի­կոլ Դուման» կեդրո­նին մէջ հանդի­պում ունե­ցան 2020-ին Արցա­խի մէջ տե­ղի ունե­նա­լիք ընտրութիւննե­րուն նա­խա­գա­հի հաւա­նա­կան թեկնա­ծու, Արցա­խի արտա­քին գործոց նա­խա­րար Մա­սիս Մա­յի­լեա­նի հետ:
Այս հանդի­պումով եզրա­փա­կուե­ցաւ Արցա­խի նա­խա­գա­հի 5 հաւա­նա­կան թեկնա­ծունե­րու հետ ՀՅԴ Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի հանդի­պումնե­րուն փուլը:
«Ա­պա­ռաժ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Դաւիթ Իշխա­նեան նշեց, որ Մա­սիս Մա­յի­լեա­նի հետ հանդի­պումը կա­յա­ցած է ջերմ եւ կա­ռուցո­ղա­կան մթնո­լորտի մէջ, իսկ Արցա­խի նա­խա­գա­հի հաւա­նա­կան թեկնա­ծունե­րուն հետ կա­յա­ցած հանդի­պումնե­րուն արդիւնքնե­րուն եւ ՀՅԴ Արցա­խի կա­ռոյցի ո­րո­շումին մա­սին հանրութիւնը տե­ղեակ պի­տի պա­հուի դեկտեմբե­րի սկիզբնե­րը տե­ղի ունե­նա­լիք արտա­կարգ ժո­ղո­վէն ետք: