ՀՅԴ-ի մօտ 1000 անդամներ կը մեկնին Արցախ

26 de febrero de 2015

escudo-FRA-grande-EՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան աւելի քան  1000 անդամներ պիտի մեկնին Արցախ: Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն` նշելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շուրջ 1200 անդամներ 27 փետրուարին երկօրեայ զօրակցութեան այցելութիւն պիտի կատարեն Արցախ:

«Կը մեկնին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի պատասխանատու անձեր եւ ազատամարտիկներ, նախատեսուած է հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ երկրի ղեկավար անձնակազմին հետ, այցելութիւններ պիտի կատարուին նաեւ զօրանոցներն ու դիրքեր»: