ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Բացուած Է Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողը

05 de junio de 2019

Սարդա­րա­պա­տի յուշա­հա­մա­լի­րին մէջ, 28 մա­յի­սին հանդի­սաւոր ա­րա­րո­ղութեամբ բա­ցումը կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաստա­նի Ա. Հանրա­պե­տութեան հիմնա­դիր, պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան նշա­նաւոր գործիչ Ա­րամ Մա­նուկեա­նի ծննդեան 140-ա­մեա­կին նուի­րուած յուշա­կո­թո­ղին:

ՀՅԴ-ի այս նա­խա­ձեռնութիւնը ի­րա­կա­նա­ցաւ հա­մա­գործակցութեամբ Սարդա­րա­պա­տի հա­յոց ազգագրութեան եւ ա­զա­տագրա­կան պայքա­րի պատմութեան թանգա­րա­նի տնօ­րէ­նութեան հետ:

Ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցաւ ՀՅԴ Քա­նա­տա­յի կա­ռոյցին հո­վա­նաւո­րութեամբ եւ Վա­րուժ Լա­փո­յեա­նի (Թո­րոնթօ) մե­կե­նա­սութեամբ:

Յուշարձա­նը տե­ղադրուած է զանգաշտա­րա­կին մօ­տա­կայքը: Յուշարձա­նի խորհրդա­նիշներն են` սուրը, արծիւնե­րը, յաւերժութեան նշա­նը: