Մարտակերտ

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին հետ

14 de agosto de 2018

Logo FRAՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան 13 օգոստոսին Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման  ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրման եւ իրավիճակի լարման անթոյլատրելիութեան հարցերուն:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան խորացման եւ տարբեր մարզերու մէջ դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման անհրաժեշտութիւնը: Այդ շրջագիծին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած նոր իրողութիւններուն, երկու ռազմավարական գործընկեր երկիրներուն միջեւ բոլոր մակարդակներուն վրայ փոխըմբռնման եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերու ձեռնարկման: