ՀՅԴ-ի ցուցակը Արցախի մէջ կը գլխաւորէ Արթուր Աղաբեկեան

21 de marzo de 2015

Artsaj FRA Elecciones19 մարտի երեկոյեան աւարտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 3 մայիս 2015-ին հերթական ընտրութեան  մասնակցելու համար կուսակցութիւններու ընտրական ցուցակներու եւ քաղաքացիներու  առաջադրման ժամկէտը:

Համամասնական ընտրակարգով թեկնածուներու ընտրական ցուցակներ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուցած են 7 կուսակցութիւններ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` 34, Համայնավար, Շարժում-88 եւ Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնները` ընտրական ցուցակներուն մէջ 14-ական, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 35, Ազատ հայրենիք կուսակցութիւնը` 50, Խաղաղութիւն եւ  բարգաւաճում կուսակցութիւնը 6 թեկնածուներու ընդգրկումով:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքային ընտրական յանձնախումբերու  կողմէ տրամադրուած նախնական տեղեկութիւններուն Արցախի բոլոր ընտրական շրջաններուն մէջ ընդհանուր առմամբ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած են 50 քաղաքացիներ, որոնց 27-ն` անձնական նախաձեռնութեամբ: Երեք թեկնածու առաջադրած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, 4-ական թեկնածուներ` Ազատ հայրենիք եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, 5-ը` Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնը, 7-ը` Շարժում-88 կուսակցութիւնը:
Մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած քաղաքացիներէն 34-ն անկուսակցական են: Նշենք, որ ՀՅԴ-ի ցուցակը համապատասխանաբար կը գլխաւորեն Արթուր Աղաբեկեան, Գէորգի Պետրոսեան եւ Արմէն Սարգսեան: