ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Կը Շարունակէ Հնչեցնել «Ահազանգ»ը

05 de junio de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 31 Մա­յի­սին, ՀՅԴ Հա­յաստա­նի Ե­րի­տա­սարդա­կան Միութեան (ՀԵՄ) «Ա­հա­զանգ» նա­խա­ձեռնութեան անդամնե­րը «Հա­մա­հարթե­ցում չի լի­նե­լու» գրութեամբ պաստառնե­րով ու վանկարկումնե­րով Ազգա­յին ժո­ղո­վի դարպասնե­րուն մօտ ցոյց կա­տա­րե­ցին: Յի­շեցնենք, որ այս մէ­կը նա­խա­ձեռնութեան երրորդ ցուցա­կան գործո­ղութիւնն էր: Ա­ռա­ջին ցոյցին ՀԵ­Մա­կաննե­րը Ազգա­յին ժո­ղո­վի բա­կին մէջ հաւեր բե­րած էին, իսկ երկրորդին՝ կա­ռա­վա­րութեան շէնքին դի­մաց «Ա­հա­զանգ» գրութեամբ դրա­մա­պա­նակներ նե­տած էին:

Նա­խա­ձեռնութեան անդամնե­րուն պա­հանջը անփո­փոխ է՝ պայքա­րիլ, որպէսզի չե­ղարկուի Հարկա­յին օրսենսգրքի փո­փո­խութիւննե­րու փա­թե­թին մէջ տեղ գտած ե­կամտա­յին հարկի հա­մա­հարթ սկզբունքը: Այսինքն՝ բո­լո­րը նոյն չա­փով հարկե­լը:
Ցոյցին մասնակցողնե­րը պա­հանջե­ցին խորհրդա­րա­նա­կան «Իմ Քայլը» մե­ծա­մասնութեան ղե­կա­վար Լի­լիթ Մա­կունցին հետ հանդի­պիլ:

Մինչ Մա­կունցի ժա­մա­նումը, դաշնակցա­կան ե­րի­տա­սարդնե­րուն հետ հանդի­պե­ցան Ազգա­յին ժո­ղո­վի տնտե­սա­կան յանձնա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Բաբկէն Թունեան եւ նոյն յանձնա­ժո­ղո­վի անդամ Հայկ Գէորգեան: Ա­նոնք ՀՅԴ ՀԵ­Մա­կաննե­րուն հետ փորձե­ցին քննարկում ունե­նալ, բայց «Ա­հա­զանգ»ա­կաննե­րը ընդդի­մա­ցան, յայտնե­լով, որ քննարկումի տե­ղը փո­ղո­ցը չէ:
Պատգա­մաւորնե­րէն ետք ե­րի­տա­սարդնե­րուն հետ հանդիպման ե­կաւ «Իմ Քայլ»ը պատգա­մաւո­րա­կան խումբի նա­խա­գահ Լի­լիթ Մա­կունց: Ան լսեց ե­րի­տա­սարդնե­րը եւ խոստա­ցաւ ծա­նօ­թա­նալ նա­մա­կի բո­վանդա­կութեան:

«Յուսով եմ կա­ռուցո­ղա­կան քննարկում կ՛ունե­նաք, ու բո­լոր հարցե­րը կը քննարկուեն: Իսկ ձեր՝ այստեղ ի­րա­կա­նա­ցուող ակցիա­յի մա­սով ո­չինչ ա­սել չեմ կա­րող, դա ձեր ի­րաւունքն է», ը­սաւ Մա­կունց:

Դաշնակցա­կան ե­րի­տա­սարդնե­րը բո­ղո­քի ցոյցը եզրա­փա­կե­ցին՝ Ազգա­յին ժո­ղո­վի դարպասնե­րուն դի­մաց ձգե­լով հա­գուստներ, որ կը խորհրդանշէ սո­վո­րա­կան քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ա­ռօ­րեան: «Այնպէս չլի­նի, որ մեր պատգա­մաւորնե­րը կտրուեն ի­րա­կա­նութիւնից՝ չտեսնե­լով, թէ ինչպի­սին է մարդկանց սո­ցիա­լա­կան վի­ճա­կը», նշե­ցին ցուցա­րարնե­րը:
Ե­րի­տա­սարդնե­րը ի­րենց ցոյցի նպա­տա­կը բա­ցատրող հա­ղորդագրութիւն մը հրա­պա­րա­կած էին:

«Հա­կա­ռակ բազմա­թիւ մասնա­գէտնե­րի եւ փորձա­գէտնե­րի բարձրա­ձայնած մտա­հո­գութիւննե­րին եւ զգուշա­ցումնե­րին, հա­կա­ռակ ցածր ե­կա­մուտ ունե­ցող եւ երկրի բնակչութեան մե­ծա­մասնութիւնը կազմող անձանց շա­հե­րի՝ ՀՀ ԱԺ տնտե­սա­կան հարցե­րի մշտա­կան յանձնա­ժո­ղո­վը դրա­կան եզրա­կա­ցութիւն է ներկա­յացրել ՀՀ կա­ռա­վա­րութեան հարկա­յին օ­րէնսգրքում փո­փո­խութիւններ եւ լրա­ցումներ կա­տա­րե­լու մա­սին օ­րէնքի նա­խագծին, որն ա­ռա­ջի­կա­յում ընդգրկուե­լու է ԱԺ լիա­գումար նիստե­րի օ­րա­կարգում։

Մեզ հետ հանդի­պումնե­րում «Լուսաւոր Հա­յաստան» եւ «Բարգաւաճ Հա­յաստան» խմբակցութիւննե­րի ներկա­յա­ցուցիչնե­րը վստա­հեցրել են, որ քա­ջա­տե­ղեակ են նա­խագծի բո­լոր բա­ցա­սա­կան հե­տեւանքնե­րին եւ ա­ռա­ջարկուող լուծումնե­րի հարցում չեն սա­տա­րում իշխա­նութեա­նը», կ՛ը­սուի ՀՅԴ Ե­րի­տա­սարդա­կան Միութեան «Ա­հա­զանգ» նա­խա­ձեռնութեան տա­րա­ծած հա­ղորդագրութեան մէջ: