ՀՅԴ-ն Միակամ Է

01 de junio de 2018

buro 3

ՀՅԴ Բիւրոյին հրաւէրով մայիս 29-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու խորհրդակցական ժողովը:

Նոր իրողութիւններու լոյսին տակ ժողովը հանգամանալից քննարկման առարկայ դարձուց Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, կուսակցութեան վերջին երկամսեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց հնարաւոր քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ կատարելիքներուն:

Ժողովը վերահաստատեց հայաստանակեդրոն գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու` կուսակցութեան յանձնառութիւնը եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդական շարժման յաղթանակին մէջ կուսակցութեան մարմիններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգծին:

Ժողովը արձանագրեց, որ հայոց պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը կը մնան համահայկական հիմնական օրակարգ եւ  գերխնդիր թէ՛ հայրենաբնակ ժողովուրդին եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան համար:

Ժողովը արժեւորեց համաժողովրդական շարժման իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած վերազարթօնքը` այն համոզումով, որ հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին ընդառաջ անիկա իրապէս կ՛իմաստաւորուի, եւ կ՛ունենանք նոր սկիզբ, արդար եւ հզօր Հայաստան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

30 մայիս 2018