ՀՅԴ պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի եւ Կանանց Կազմակերպութեան ժողովներուն

03 de julio de 2018

FRA_international_socialՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Յունիս 26-27, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը:

Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր` «Ընկերվար ժողովրդավարութեան ներդրումը հակամարտութիւններու լուծման եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ», «Յաղթահարել աշխարհի դիմագրաւած ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրները` ապահովելու համար բոլորի ազատութիւններն ու իրաւունքները» եւ «Մեր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան արձագանգել համաշխարհային գաղթին եւ գաղթականներու ներկայ վիճակին»:

Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Մոլլեր եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու:

Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան` իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը: Ան նաեւ մասնակցած էր կազմակերպութեան ֆինանսական եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ժողովին:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին` մէկական բանաձեւ քիւրտ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն մասին:

Ժողովի վերոյիշեալ օրակարգին տակ Մ. Նալպանտեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայաստան եւ իր ժողովուրդը վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ցոյց տուին հասուն ժողովրդավարութեան ըմբռնում եւ գործընթաց: Ան հաստատեց, որ Հայաստանը տակաւին կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, ինչպէս` իրաւական պետութեան, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը: Նալպանտեան աւելցուց, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ խորհրդարանական վարչաձեւի հաստատումը երաշխաւորեցին երկրին մէջ քաղաքական տագնապին հեզասահ եւ խաղաղ լուծումը:

Իսկ Յունիս 28-29, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ «2030-ին 50-50 աշխարհի համար: Մեծ մարտահրաւէրներ» օրակարգը:

Ժողովներու ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին առիթով հրապարակուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նախորդ` 2017-ի Նոյեմբերի խորհուրդի նիստէն ի վեր կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներու աշխատանքի եւ յայտարարութիւններու մասին ամբողջական փաստաթուղթ մը: Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ ծովու շրջանային յանձնախումբի մասին լրատուութիւնն ու յանձնախումբի յայտարարութիւնը: Այդ ժողովը գումարուած էր Մայիս 25-26-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: ՀՅԴ-ի կողմէ այդ ժողովին մասնակցած էին յանձնախումբի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ  Մանոյեանը:

Ժողովին ընտրուած էր յանձնախումբի նոր նախագահութիւն, եւ ՀՅԴ-ն թեկնածու չէր առաջարկած: Յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ մէկ պարբերութեամբ անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն: Յանձնախումբի յայտարարութիւնը այդ մասին կ՛ըսէ. «Հայաստանի մէջ կացութեան վերաբերեալ, յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային շարժումին եւ գնահատեց բոլոր կողմերը` տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան համար, յոյս յայտնելով, որ գործընթացը շարունակուի հիմնուած երկրի սահմանադրութեան վրայ: Յանձնախումբը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, պետական կառավարումը բարեփոխելու իր հետեւողական ջանքին համար, որուն նպատակն է խորհրդարանական համակարգի հաստատումը, ուր իշխանութեան երեք թեւերուն` օրէնսդիրին, գործադիրին եւ արդարադատութեան միջեւ լիազօրութիւններու բաժանումը ամբողջական է: Այս տեսանկիւնէն, յանձնախումբը կը զօրակցի իր անդամ կուսակցութեան` անօրէն մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ ընկերային արդարութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան յաւելեալ լծակներուն, աւելի ապակեդրոնացած կառավարման համակարգի եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ աւելի բաց, թափանցիկ եւ հաշուետու կառավարման համար պայքարին մէջ»: