ՀՅԴ Ցաւակցական խօսք յղած է Արթուր Սարգսեանի մահուան առիթով

21 de marzo de 2017

artur-sargsyanՕրեր առաջ մահացաւ «Սասնայ ծռեր» խումբին հաց հասցուցած ազատամարտիկ Արթուր Սարգսեանը` ծանօթ իբրեւ Հաց բերողը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր վշտակցութիւնը յայտնած է Արթուր Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, ընկերներուն եւ ծանօթներուն:

Նշենք, թէ “Երկիր”-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին “Արմենիա” բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արսէն Գրիգորեան ըսած է. “Պորտային իջուածք ունէր, վիրահատութեան  ենթարկուած էր: Սակայն այժմ որեւէ ստոյգ բան չեմ կրնար ըսել”:

Յիշեցնենք, որ 6 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը բաւարարած էր քանի մը տասնեակ պատգամաւորներու երաշխաւորութեան միջնորդութիւնն ու Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակած: “Դատապարտեալներու հիւանդանոց”-ի քրէակատարողական հիմնարկէն զայն անմիջապէս տեղափոխած էին «Արմենիա» բժշկական կեդրոն, ուր ենթարկուած էր  վիրահատութեան:

Նոյն ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ շատ մեծ ցաւ կ՛ապրի Հաց բերողին մահուան առնչութեամբ եւ, ինչպէս այլ մարզերու մէջ, արդարութեան համակարգին մէջ եւս կան թերութիւններ, զորս պէտք է ուղղել:

Միւս կողմէ, “Ազատութիւն” հրապարակին վրայ սկիզբ առած է Հաց բերողի յիշատակին նուիրուած երթը: Մասնակիցները կոչ ուղղած են բոլորին` այսօր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին միանալ բողոքի ցոյցին: