Հրանդ Մարգարեան. “Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը համաձայնական դաշինքին ինքնանպատակ չէ”

19 de julio de 2017

Hrant 2Հայաստանի մէջ կայացած ՀՅԴ Բիւրոյի լիագումար նիստէն ետք տեղի ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի միացեալ ընդլայնուած նիստը, որուն մասնակցած են Դաշնակցութեան Հայաստանի մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գործադիր մարմինի Դաշնակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Նիստը բաց յայտարարելով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեան կարեւոր նկատած է նման հանդիպումները` շեշտելով, որ կայ պարբերաբար անհրաժեշտութիւն` յետահայեաց արժեւորելու կատարուած աշխատանքը, ներկայացնելու խնդիրները եւ գտնելու անոնց լուծումները:

«Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը Հայաստանը կառավարող համաձայնական դաշինքին ինքնանպատակ չէ. մենք ընդունեցինք դաշինքին մաս կազմելու առաջարկը, որպէսզի մասնակիցը դառնանք երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններու իրականացման», նշած է Հրանդ Մարգարեան:

Նիստին զեկուցումներով հանդէս եկած են նաեւ Հայաստանի կառավարութեան անդամ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ նախարարները` ներկայացնելով այն հիմնական ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին: