Հրանդ Մարգարեան.- «Հ.Յ.Դ.ի օրակարգին վրայ ընկերային արդարութիւնն է»

21 de septiembre de 2017

Hrant Markarian16 եւ 17 ­Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­ղո­ւե­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան ներ­կայ վի­ճա­կի ախ­տո­րո­շու­մը, առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ զար­գաց­ման հա­յե­ցա­կար­գա­յին տես­լա­կա­նը» նիւ­թով եր­կօ­րեայ խորհրդա­ժո­ղո­վը` կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րու, գիտ­նա­կան­նե­րու եւ փոր­ձա­գէտ­նե­րու:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մշա­կո­ւած են երկ­րի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման Հ.Յ.Դ. հա­յե­ցա­կար­գա­յին ու­ղե­նի­շե­րը, ո­րոնք կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւին յա­ռա­ջի­կայ 4-5 տա­րի­նե­րուն:

«­Կա­ռա­վար­ման եւ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի հիմ­քե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ», «Ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման հան­րա­յին պա­հան­ջը. Աղ­քա­տու­թեան ըն­կե­րա­յին-հո­գե­բա­նա­կան հիմ­քե­րը», «Ըն­կե­րա­յին ա­ռու­մով խո­ցե­լի խում­բե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման ու­ղի­նե­րը. աղ­քա­տու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը եւ տա­րած­քա­յին հա­մա­չափ զար­գաց­ման խնդիր­նե­րը» եւ այլ նիւ­թեր ե­ղած են խորհր­դա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման ա­ռար­կայ:

Զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կած են կա­ռա­վար­ման փոր­ձա­գէտ ­Յա­րու­թիւն ­Մես­րո­պեան, Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Ա­ղա­սի ­Թա­դե­ւո­սեան, ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ զար­գաց­ման նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Վա­րազ­դատ Կա­րա­պե­տեան, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հան­րա­յին կա­պե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­տակ ­Սարգ­սեան եւ այլն:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան իր բաց­ման խօս­քին մէջ շեշ­տած է.- «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ու ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծակ­ցու­թե­նէն պէտք է շա­հի եր­կի­րը: ­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է ի­մա­նայ Հ.Յ.Դ.ի աշ­խա­տան­քին մա­սին` իբ­րեւ հա­մա­ձայ­նա­կան գոր­ծըն­կեր: ­Սա­կայն Հ.Հ.Կ.ն­ եւ Հ.Յ.Դ.ն ­կը տար­բե­րին ի­րար­մէ:

Հ.Յ.Դ.ի օ­րա­կար­գին վրայ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւնն է: ­Մենք պէտք է պա­հենք մեր դի­մա­գի­ծը, չսպա­ռենք այն բա­րո­յա­կան դրա­մագ­լու­խը, որ կայ: Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը պի­տի օգ­նէ, որ ծնի Հ.Յ.Դ.ի տնտե­սա­կան ամ­բող­ջա­կան հա­յե­ցա­կար­գը, ո­րուն ա­ռանց­քը պի­տի ըլ­լայ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը»,- հաս­տա­տած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Ըստ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նի՝ ա­ւե­լի գործ­նա­կան ար­դիւնք կ­՛ակն­կա­լո­ւի, որ­պէս­զի ծնունդ առ­նեն նոր ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց­մով ալ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դո­ւի կու­սակ­ցու­թիւ­նը:

Ե­լոյթ ու­նե­ցած է նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ըլ­լա­լով ըն­կեր­վար-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող կու­սակ­ցու­թիւն, նախ եւ ա­ռաջ պէտք է այդ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան տե­սան­կիւ­նէն յստա­կաց­նէ իր պատ­կե­րա­ցու­մը ըն­կե­րա­յին-շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Ըստ այդմ՝ անհ­րա­ժեշտ է ա­ռա­ջար­կել այն­պի­սի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յե­ցա­կարգ, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս պի­տի ա­պա­հո­վէ ընդ­հա­նուր տնտե­սա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը»,- յայտ­նած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: