Հրանդ Մարգարեան. “Չհաւատա՛ք անոր, որ Ղարաբաղի հարցով ‘Եթէ’-ներ կ՛օգտագործէ”

06 de diciembre de 2018

Hrant_MarkarianԵրէկ Սիսիանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի քարոզարշաւը: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Ան անդրադարձաւ այն փաստին, որ ներկայիս իշխանութեան ներկայացուցիչներէն շատեր խուսափած են զինուորական ծառայութենէ:

«Կ՛ըսեն` հիւանդ եղած ենք, բանակ չենք գացած: Ես կը յարգեմ բոլոր` հիւանդութիւն ունեցող անձերը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրնար  զինուորական ծառայութիւն կատարել, բայց եթէ կազմակերպութեան մը  ամբողջ ղեկավար կազմը հիւանդ եղած է բանակ չէ գացած, լուրջ կասկածի տեղիք կու տայ», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան:

Անդրադառնալով Արցախի կարեւոր դերին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Արցախով սկսած է 28 տարուան մաքառումի պատմութիւնը: Նոյնիսկ` արցախեան շարժումի խորապատկերին վրայ է, որ մենք անկախութիւն ձեռք բերած ենք: «Արցախեան ազատամարտի խորապատկերին վրայ որքան մարդ եկած է իշխանութեան եւ հեռացած: Որքան մարդ եկած է իշխանութեան եւ գալէ ետք հիմնականին մէջ ունեցած մէկ նպատակ` ձերբազատիլ Ղարաբաղի հարցէն: Կ՛ընդունիմ` մեր մէջ չկայ հայ մը, որ պիտի չուզէր, որ Ղարաբաղը մերը չըլլայ: Չկա՛յ այդպիսի բան: Բայց ով ինչ գին պատրաստ է վճարելու, որ Ղարաբաղը մերը ըլլայ: Այդ է ամէնէն հիմնական հարցը: Ի՞նչ պատրաստ ես ընելու, որ Ղարաբաղը մնայ  հայկական, մնայ մերը: Անոր մէջ է ամբողջ հարցին գաղտնիքը: Ոչ թէ  այն, որ մաս մը լաւ հայ է, մէկ մասն ալ` վատ: Ո՛չ, մտածողութեան, աշխարհահայեացքի, մտածելակերպի հարց է: Այսօր մէկ այլ առիթով ըսած  ենք` ով որ Ղարաբաղի հարցով պարզ եւ յստակ չի խօսիր, պարզ եւ յստակ չ՛ըսեր` ո՞րն է Ղարաբաղը, ի՞նչ հարցով պատրաստ ենք բանակցելու, ինչի՞ համար պատրաստ ենք բանակցելու, եթէ ինչ որ խճճուած բառեր կ՛օգտագործէ, «եթէ»-ներ կ՛օգտագործէ, չհաւատա՛ք անոր, որովհետեւ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, մենք անիկա մեծ զոհերուն գնով ձեռք բերած ենք: Այդ նոյն Ղարաբաղի համար այս քառօրեայ պատերազմին տուինք թանկագին զոհեր: Եւ պարզ է` Ղարաբաղը ինքնորոշուած է, անկախ է, հայկական է, Ղարաբաղը Սահմանադրութեամբ ճշդած է իր սահմանները, այդ սահմաններով է, որ հայկական է: Այդ սահմաններով է, որ մերն է, ու վե՛րջ», շեշտեց Հրանդ  Մարգարեանը` նշելով, որ ՀՅԴ-ն բանակցելու ոչինչ ունի անոր հետ, որ չ՛ընդունիր այս փաստը:

Տեղեկացնենք, որ մինչ Սիսիանի հանդիպումը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը գաղափարակից մարտական ընկերներու հետ եղած է սահմանապահ Խաչիկ գիւղը: