Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019)

28 de mayo de 2019

Լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 8 եւ 9 Մայիս 2019ին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան։
Լիագումարը ծանրացաւ միութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն արժեւորման վրայ, շեշտելով իրագործուած ձեռնարկներուն պատմական տարողութիւնն ու ապագայի իմաստով փորագրուած դրոշմներուն իրողութիւնը։ Արդարեւ, միութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին զոյգ Վեհափառ հայրապետներուն հովանաւորութիւնը ու իրենց ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած նախագահութիւնն ու իր ու վարչապետին ներկայութիւնը մեծագոյն փաստերն էին 100ամեայ միութեան հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքին ու գիտակցութեան։
Կեդրոնական Վարչութիւնը ստացաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին յղած շնորհակալագիրը ուղղուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Հայաստան­Սփիւռք կապերու զարգացման ուղղութեամբ միութեան ունեցած մեծ ներդրման ու ազգանպաստ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ միութեան 100ամեակին ուղղութեամբ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.­Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան եւ անդամներուն անսակարկ ու նուիրական աշխատանքը միութեան 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ 100ամեակին նուիրուած Համա­Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերուն ու Համա­Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11րդ բանակումին յաջող աւարտը երաշխաւորող իրենց աշխատանքին ու գործակցութեան ուղղութեամբ։ Լիագումարը շեշտեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.­Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան վերջին երկամեայ աշխատանքներուն թափն ու արձանագրած յաջողութիւնները, անդամարշաւի ու աշխատելաոճի ծիրերէն ներս։
Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ շեշտը դրաւ միութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն յաջողութեան համար իրենց նիւթաբարոյական նպաստը սիրայօժար տրամադրած 10 կնքահայրներուն միութենական գիտակցութեան ու ներդրումին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել միութեան 100ամեակի ձեռնարկները։ Կեդրոնական Վարչութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհասփիւռ Շրջանային ու Մեկուսի Վարչութիւններուն նիւթաբարոյական աջակցութեան, որոնք յաւելեալ փայլք տուին 100ամեակի ձեռնարկներու յաջողութեան։
Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գոհունակութիւնը փոխանցեց Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններուն կազմակերպած 100ամեակի հանդիսաւոր ու արժանավայել ձեռնարկներուն ուղղութեամբ, որոնք միացան ամբողջացնելու Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւններն ու նախաձեռնութիւնները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը որդիական ու երախտագիտական զգացումներով անդրադարձաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միութեան շնորհած կոնդակի կողքին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին յատուկ պարգեւատրման, որ յաւելեալ կշիռ տուաւ 100ամեակի ձեռնարկներու եզրափակման։
Քննարկուեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ շրջաններու ներկայ իրավիճակն ու նորաստեղծ մասնաճիւղերու կարելիութիւնները, մանաւանդ Մոսկուայի եւ շրջակայքի մէջ գործադրուող աշխատանքները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը ծանրացաւ յաջորդող օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան գործընթացին ու մանրամասնութիւններուն վրայ, շեշտելով սոյն մասնաճիւղին գոյութեան անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականը։
Լիագումարը քննարկեց ու ճշդեց Երիտասարդական Ա. Համագումարի մանրամասնութիւններն ու ուղղութիւնը, որուն հիման վրայ ընթացան համագումարին աշխատանքները։ Երիտասարդական Ա. Համագումարը իր աւարտին ընտրեց երեք անդամներ, որոնք որպէս հրաւիրեալ պիտի մասնակցին Պատգամաւորական 12րդ ժողովին ու համագումարի մտահոգութիւններն ու առաջարկները պիտի փոխանցեն։
Կեդրոնական Վարչութիւնը դրական ձեւով անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ ընթացք առած փոխադարձ գործակցութեան ու միջ մասնաճիւղային ձեռնարկներու նախաձեռնութիւնները, որոնք արդիւնքն էին Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ատենապետներու ժողովներուն։ Արծարծուեցաւ նաեւ վերջին շաբաթներուն Լոս Անճելըսի մէջ գումարուած Ամերիկեան ցամաքամասի ատենապետներու ժողովի դրական անդրադարձն ու արդիւնքները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ Հոկտեմբեր 2019ին գումարելի Պատգամաւորական 12րդ ժողովին կապուած առաջարկներ, միութեան յառաջիկայ աշխատանքներու բարելաւման հեռանկարով։ Քննարկուեցան նաեւ սկաուտական գիրքերու այժմէականացման վերջին հանգրուանի աշխատանքները, որոնք պիտի իրագործուին «Միհրան Շիմշիրեան Սկաուտական Ֆոնտ»ի միջոցով։ Քննարկուեցան նաեւ մարզիկներու եւ մարզիչներու դաստիարակչական սեմինարներու անհրաժեշտութիւնն ու գործադրման մանրամասնութիւնները։ Արծարծուեցան նաեւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, արհեստագիտական տեղեկատուութեանց, Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրերու առցանց վաճառքի (online shop), Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին ու հրատարակութիւններուն կապուած մանրամասնութիւնները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ 100ամեակին առիթով հաստատուած «Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ի (Endowment Fund) մանրամասնութիւնները ու եզրակացուց Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ 100ամեակի կնքահայր եղբայրներու անունով յաւելեալ 50.000 ամ. Տոլարով օժանդակել սոյն աշխատանքի յաջողութեան, ընդհանուր գումարը բարձրացնելով 100.000 ամ. Տոլարի, ինչպէս նաեւ հետապնդել սոյն հիմնադրամը բարգաւաճեցնելու կարելիութիւնները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը իր Դ. Լիագումարի աւարտին կը հաստատէ որ սոյն քառամեակը, որ կը զուգադիպէր միութեան հիմնադրութեան պատմական նշանակութիւն ունեցող 100ամեակին, նշուեցաւ փառաշուք եւ արժանավայել ձեւով, վեր առնելով միութեան հետապնդած արժէքներն ու արժանիքները ու շեշտելով անոր ունեցած եւ շարունակուող անուրանալի եւ կենսական դերակատարութիւնը։