Պարսելոնա

Հ.Յ.Դ. կը մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի եւ Ընկերվար Կանանց Միջազգայնականի ժողովներուն

01 de diciembre de 2017

Internacional SocialistaԸն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (Socialist International) ­Խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ 24էն 25 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, Ս­պա­նիոյ ­Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քին մէջ, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Ս­պա­նիոյ Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան:

Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նէին աշ­խար­հի զա­նա­զան ցա­մա­քա­մաս­ներ:

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը քննար­կե­ցին ե­րեք գլխա­ւոր նիւ­թեր.- ­Ձա­խին հետ կեր­տել ա­պա­գան՝ ժո­ղովրդա­վա­րու­թիւն, հա­ւա­սա­րու­թիւն եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն. բազ­մա­թիւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով աշ­խար­հի մը մէջ աշ­խա­տանք՝ կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար. մար­դա­սի­րա­կան տագ­նապ­նե­րուն՝ մարդ­կա­յին վե­րա­բեր­մուն­քի ջա­տա­գով:

Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի մօտ Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեա­նի: Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին Ըն­կեր­վար ­Կա­նանց ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի մօտ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վե­րա Եա­գու­պեան, ինչ­պէս նաեւ ­Նու­պար ­Վար­դա­նեան (­Հո­լան­տա­յէն) եւ ­Տա­թեւ ­Սու­լեան (­Պար­չե­լո­նա­յէն):

Ժո­ղո­վի բա­ցու­մին խօսք ա­ռին Ըն­կեր­վար ­Միջազ­գայ­նա­կա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լո­ւիս Ա­յա­լա, ­Քա­թա­լո­նիոյ Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Մի­կել Ի­սե­թա եւ Ը.Մ. նա­խա­գահ ­ՃորՃ ­Փա­փանտ­րէօ:
Խոր­հուր­դի նիս­տին նա­խոր­դող օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած էր Ը.Մ. նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տը, ո­րուն մաս­նակ­ցած էր Մ. ­Նալ­պան­տեան՝ որ­պէս կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ-նա­խա­գահ­նե­րէն մէ­կը:

Մ. ­Նալ­պան­տեան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօսք առ­նե­լով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագ­րու­թեան՝ զայն ո­րա­կե­լով պատ­մա­կան քայլ։ Ան նաեւ վե­րա­հաս­տա­տեց Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին ար­դա­րա­ցիու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին ամ­րապն­դու­մը:

Ը.Մ. խոր­հուր­դը որ­դեգ­րեց շարք մը բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնց շար­քին՝ քիւրտ ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը, ո­րուն մէջ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րուի Ի­րա­նի, Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ քիւր­տե­րու հար­ցե­րուն եւ կոչ կ­ÿուղ­ղո­ւի ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ վե­րա­կանգ­նե­լու քիւրտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ երկ­խօ­սու­թիւ­նը, Քր­տա­կան ­Հար­ցին խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում գտնե­լու հա­մար: ­Թուր­քիոյ կոչ կ­’ուղ­ղո­ւի նաեւ ա­զատ ար­ձա­կե­լու քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­ներն ու ձեր­բա­կա­լո­ւած լրագ­րող­նե­րը: Բա­նա­ձե­ւը նաեւ կը վե­րա­կանգ­նէ կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տան­քա­յին խում­բը՝ Քր­տա­կան ­Հար­ցին մա­սին:

Իսկ 21էն 22 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, ­Վե­րա Եա­գու­պեան մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Կա­նանց Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցաւ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը տագ­նա­պի մէջ՝ փո­փիւ­լիզ­մի (ժո­ղովր­դա­պաշ­տու­թեան) աճ՝ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րը ո՞ւր կը տե­ղա­ւո­րո­ւին:

Վ. Եա­գու­պեան ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման մա­սին օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծին հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը եւ քննար­կում­նե­րը: «Ն­ման նա­խա­գի­ծի մը ըն­դու­նու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի ստեղ­ծէ պաշտ­պա­նե­լու կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րը եւ կան­խար­գի­լե­լու բռնու­թիւ­նը կնոջ եւ ե­րե­խա­յին նկատ­մամբ: ­Հայ կա­նայք ու­նին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը երկ­րի ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լու, սա­կայն ա­նոնց կը պակ­սին ա­ռիթ­նե­րը: ­Կա­նանց ի­րա­ւոնք­նե­րու յար­գու­մը ըն­կե­րու­թեան մը մէջ հի­մը կը հան­դի­սա­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու հաս­տատ­ման»,- յայտ­նեց Վ. Եա­գու­պեան:

Ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ մեծ թի­ւով այլ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու հետ:
Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը ըն­կեր­վար-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյց է, որ կը հա­մախմ­բէ բո­լոր երկ­րա­մա­սե­րէն ա­ւե­լի քան 130 եր­կիր­նե­րու շուրջ 150 քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ­

Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ-նա­խա­գահ է: Հ.Յ.Դ. հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րը լիի­րաւ ան­դամ են ­Կա­նանց Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին (SIW) եւ Ըն­կեր­վար Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան (IUSY): Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին կող­մէ ­Կա­րօ ­Շա­տո­յեան (Աւստ­րիա) IUSYի փոխ-նա­խա­գահ է: Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի Ա.Պ.Հ., ­Կով­կա­սի եւ ­Սեւ-ծո­վեան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Ար­մէն Ռուս­տա­մեան: