Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմին – Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէ հանդիպում

06 de agosto de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 26-ին, Հ.Յ.Դ. «Սի­մոն Վրա­ցեան» կեդրո­նին մէջ տե­ղի ունե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նի եւ Հ.Յ.Դ. Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի հանդի­պումը: Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէէն հանդի­պումին մասնակցած են Արթուր Մո­սիեան, Սերկէյ Շահվերդեան եւ Վա­հագն Դա­դա­յեան, Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նէն` Գե­րա­գոյն մարմի­նի ներկա­յա­ցուցիչ Իշխան Սա­ղա­թէ­լեան, Սի­մոն Սի­մո­նեան, Շա­ղիկ Մա­րուխեան, Յա­կոբ Մա­թի­լեան եւ Արթուր Խա­չատրեան:
Քննարկուե­ցան Արցա­խի մէջ գործող քա­ղա­քա­կան այլ ուժե­րու հետ յա­րա­բե­րութիւննե­րու ներկայ պատկե­րը, հե­տա­գայ ը­նե­լիքնե­րը եւ կուսակցութեան ռազմա­վա­րութիւնն ու մարտա­վա­րութիւնը` ուղղուած Արցա­խի ներքա­ղա­քա­կան կեանքին մէջ ի­րա­վի­ճա­կի կա­յունացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկրի անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ:
Նաեւ քննարկուե­ցան Արցա­խի ներքին քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րող շարք մը հարցեր` մասնաւո­րա­պէս Արցա­խի յա­ռա­ջի­կայ տե­ղա­կան ինքնա­կա­ռա­վարման մարմիննե­րու, խորհրդա­րա­նա­կան ու նա­խա­գա­հա­կան ընտրութիւննե­րուն Դաշնակցութեան դիրքո­րո­շումն ու ը­նե­լիքնե­րը: Հ.Յ.Դ. Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նը անգամ մը եւս վստա­հե­ցուցած է իր անմնա­ցորդ օ­ժանդա­կութիւնն ու զօ­րակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէին: