«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է, չկայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ». Ալիեւ

08 de octubre de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ, «Փա­նո­րա­մա».- Ատրպէյճա­նի նա­խա­գահ Իլհամ Ա­լիեւ Սո­չիի մէջ «Վալտայ» հա­մախմբումին ընթացքին իր արտա­սա­նած խօսքին մէջ անդրա­դարձած է Արցա­խի տագնա­պին։ «Ինթերֆաքս» կը հա­ղորդէ, որ այս մա­սին կը գրեն ատրպէյճա­նա­կան կայքե­րը։
«Ես կ՛ուզէի անդրա­դառնալ Հա­յաստա­նի հանրա­պե­տութեան վարչա­պե­տին՝ զարմանք յա­ռա­ջացնող «Ղա­րա­բա­ղը Հա­յաստան է եւ վեր»ջ յայտա­րա­րութեան։ Նախ ա­նի­կա, մեղմ ը­սե­լով, սուտ է։ Ղա­րա­բա­ղը ամբողջ աշխարհին կողմէ, հաւա­սա­րա­պէս լեռնա­յի­նը, կը ճանչցուի իբրեւ Ատրպէյճա­նի անբա­ժա­նե­լի մաս», ը­սած է ան։
Ա­լիեւ նշած է, որ Հա­յաստանն ալ չի ճանչնար «այդ ա­նօ­րի­նա­կան միաւո­րումը», եւ որ՝ «Ղա­րա­բա­ղը ատրպէյճա­նա­կան երկիր է»։
«Այնպէս որ, Ղա­րա­բա­ղը Ատրպէյճան է», յայտա­րա­րած է Ա­լիեւ՝ նշե­լով, որ Ռուսիան «Վալտա» հա­մախմբումի ծի­րին մէջ արձա­գանգած է Արցա­խը Հա­յաստա­նին պատկա­նե­լուն վե­րա­բե­րեալ հայկա­կան կողմի յայտա­րա­րութիւննե­րուն՝ ակնարկե­լով Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նա­խա­րար Սերկէյ Լաւրո­վի ե­լոյթին։
Ատրպէյճա­նի նա­խա­գա­հը նաեւ խօ­սած է Փա­շի­նեա­նի՝ տագնա­պի լուծումը ե­րեք կողմե­րուն հա­մար ընդունե­լի ըլլա­լուն մա­սին։ «Հա­յաստա­նի վարչա­պե­տը յա­ճախ կ՛ը­սէ, որ հա­կա­մարտութեան լուծումը պէտք է ընդունե­լի ըլլայ Ատրպէյճա­նի, Հա­յաստա­նի եւ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուրդնե­րուն հա­մար։ Պէտք է ը­սեմ, որ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուրդի գա­ղա­փար գո­յութիւն չունի։ Կայ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակչութիւն, որ մինչեւ հա­կա­մարտութիւնը բաղկա­ցած էր ատրպէյճանցի եւ հայ ժո­ղո­վուրդնե­րէ, ո­րոնք ունին հաւա­սար ի­րաւունքներ։
Ըստ ա­նոր՝ Ատրպէյճա­նի հա­մար տագնա­պի ընդունե­լի լուծումը տա­րածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան վե­րա­կանգնումն է, որ «կը ճանչցուի ամբողջ աշխարհի կողմէ, գաղթա­կաննե­րու եւ ներքին տե­ղա­հա­նուածնե­րու վե­րա­դարձն է ի­րենց բնօրրա­նը՝ նե­րա­ռեալ Լեռնա­յին Ղա­րա­բաղ։ Ա­տի­կա հա­մա­հունչ է ՄԱ­Կի Ա­պա­հո­վութեան խորհուրդի բա­նա­ձեւե­րուն եւ հելսինքեան եզրա­փա­կիչ հռչա­կա­գի­րին», յայտա­րա­րած է Ա­լիեւ։