«Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը» արտայայտութեան համար Հոլանտայի մէջ Իլհամ Աշքին դատապարտուած է 2 տարի պայմանական ժամկէտով

18 de marzo de 2017

IlhanAskinՀոլանտայի դատարանը մեղաւոր ճանչցաւ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութեան կոչով հանդէս եկած Լա Հէյի Թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինը: Ան թրքական հանրահաւաքի մը ընթացքին վանկարկած էր «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»-ի ըսած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:

«Մեր ներկայացուցիչը դատարան կը գտնուի: Քիչ առաջ մեզի տեղեկացուց, որ դատարանը բաւարարած է մեղադրող կողմին պահանջը: Աւելի՛ն. դատարանը որոշած է հարկադիր աշխատանքային 120 ժամ նախապէս ներկայացուած 80 ժամի փոխարէն: Պայմանական բանտարկութիւնը նոյնպէս աւելի վճռուած է: Երկուքի փոխարէն չորս շաբաթ` երկու տարի պայմանական ժամկէտով: Դատական վճիռի մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք աւելի ուշ: Այս պահուն կրնանք ըսել, որ ասիկա կարեւոր որոշում է: Դատապարտումը կը նշանակէ, որ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութիւններու կոչ ընող մէկը անպատիժ չի մնար»,¬ ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութենէն յայտնած են, որ Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մէջ, քանի որ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ` Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին դիմաց կազմակերպուած թրքական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»:

1 յունիս 2014-ին Ալմելոյի մէջ տեղի ունեցած էր հանրահաւաք, որուն հիմնականին մէջ մասնակցած են թուրքեր, եւ որ ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորապէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, գանգատ ներկայացուցած էին հանրահաւաքին ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ: