Նազարէթ Պէրպէրեան

Մա­կար Եկ­մա­լեան (1856-1905). ­Հայ ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան բարձ­րար­ժէք վար­պե­տը եւ ու­սու­ցի­չը

08 de marzo de 2018

Magar EkmalianՄարտ 6ի այս օ­րը, 113 տա­րի ա­ռաջ, 49 տա­րե­կան հա­սա­կին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­վաս­տակ ար­ժէք­նե­րէն ­Մա­կար Եկ­մա­լեան։ Մ. Եկ­մա­լեան կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ինք­նու­րոյն ո­ճին եւ բարձ­րա­րո­ւեստ ար­ժէք­նե­րուն ար­հես­տա­վարժ մշակ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը՝ ­Տիգ­րան ­Չու­խա­ճեա­նի եւ Ք­րիս­տա­փոր Կա­րա-­Մուր­զա­յի հետ։

Ինչ­պէս որ Եկ­մա­լեա­նի սա­նե­րէն եւ իր կար­գին հայ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պետ­նե­րէն ­Ռո­մա­նոս ­Մե­լի­քեան վկա­յած է՝ իր սի­րո­ւած ու­սու­ցի­չին մա­հո­ւան 10րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, 1915ի ­Մարտ 6ին «­Թատ­րոն եւ Ե­րաժշ­տու­թիւն» հան­դէ­սի է­ջե­րուն՝

«Ան­մահ է ­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նը, ինչ­պէս ան­մահ յա­ւի­տե­նա­կան է գե­ղե­ցի­կը միայն»։

Իսկ ե­րաժշ­տա­գէտ փրոֆ. Ռ.Ա.Ա­թա­յեան, որ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած է եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ, յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նին, ա­նի­րա­ւօ­րէն թե­րագ­նա­հա­տո­ւած եւ լիար­ժէք չճանչ­ցո­ւած Եկ­մա­լեա­նի ժա­ռան­գու­թիւնն ու տա­ղան­դը մո­ռաց­ման փո­շի­նե­րէն փրկե­լու եւ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տե­լու գոր­ծին մէջ, հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ կը խտաց­նէ Եկ­մա­լեա­նի տեղն ու ար­ժէ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան մէջ.-

Մա­կար Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ան­ցեա­լի հայ ազ­գա­յին ար­հես­տա­վարժ (պրո­ֆե­սիո­նալ) ե­րաժշ­տու­թեան մէկ ամ­բող­ջա­կան ու նշա­նա­կա­լից բա­ժի­նը կը կազ­մէ։ Այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ու­նի ոչ միայն խո­շոր պատ­մա­կան, այ­լեւ մնա­յուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէք։ Ա­նի­կա հա­րուստ է իր ի­մաս­տա­յին (թե­մա­տիկ)-գա­ղա­փա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Ա­նոր մէջ դրո­ւած եւ նո­րա­րա­րա­կան լու­ծում են ստա­ցած հայ­կա­կան եր­գա­հա­նա­կան (կոմ­պո­զի­տո­րա­կան) ո­ճի ու վար­պե­տու­թեան կա­րե­ւոր խնդիր­ներ։

Կա­րա-­Մուր­զա­յէն յե­տոյ Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը հայ ար­հես­տա­վարժ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ցուց նոր մա­կար­դա­կի մը, կա­րե­ւոր դեր խա­ղաց ազ­գա­յին եր­գա­հա­նա­կան դպրո­ցի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ եւ նա­խա­պատ­րաս­տեց ­Կո­մի­տա­սի ե­րե­ւան գա­լը։ Եկ­մա­լեա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­պէս էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ հայ ե­րաժշ­տա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան եւ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման բնա­գա­ւա­ռէն ներս։

Հայ ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դա­կան ու հո­գե­ւոր ե­րաժշտու­թեան մե­ծա­վաս­տակ վար­պե­տը ծնած է 2 ­Փետ­րո­ւար 1856ին ­Վա­ղար­շա­պա­տի մէջ (Էջ­միա­ծին), Գ­րի­գոր Եկ­մա­լեա­նի գիւ­ղա­կան հա­մեստ յար­կին տակ։

1872ին, ա­ւար­տե­լով Ս. Էջ­միած­նի ­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցը, Եկ­մա­լեան ան­վա­րան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ հո­գիին ձայ­նա­յին խո­րա­գոյն լա­րերն ու թրթռա­ցում­նե­րը յայտ­նա­գոր­ծե­լու եւ վեր­ծա­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։

1873էն սկսեալ, Ն. ­Թաշ­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թամբ, ըն­տե­լա­ցաւ հայ­կա­կան նո­թագ­րու­թեան եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր եր­գե­րու ձայ­նագ­րու­թեան ու ժո­ղո­վա­ծու­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։

1874ին ար­դէն սկսաւ եր­գե­ցո­ղու­թիւն եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տու­թեան տե­սու­թիւն դա­սա­ւան­դել Էջ­միա­ծի­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նի մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ մշա­կե­լով իր սե­փա­կան ե­րաժշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

1877ին ե­րա­ժիշ­տի կո­չու­մը զինք ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, որ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հո­գեմ­տա­ւոր պատ­րաս­տու­թեան եւ գե­ղա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման մի­ջազ­գա­յին մե­ծա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն կը հան­դի­սա­նար։ ­Մին­չեւ 1891 Եկ­մա­լեան ապ­րե­ցաւ ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ. 1879ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­րաժշ­տա­նոց ու 1888ին ա­ւար­տեց Ն.Կ. ­Սո­լով­չո­վի ե­րաժշ­տա­կան դա­սա­րա­նը։

Եկ­մա­լեա­նի ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ մեծ դեր ու­նե­ցաւ՝ ժա­մա­նա­կի չա­փա­նի­շե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջազ­գա­յին ար­հես­տա­վարժ ե­րա­ժիշ­տի ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը։

Բարձ­րա­գոյն իր ուս­ման եւ ե­րաժշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու մշակ­ման վրայ հիմ­նա­կան ու բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին յատ­կա­պէս Ն. ­Ռիմս­կի ­Կոր­սա­կո­վի ե­րաժշ­տա­կան դա­սա­րա­նի իր պա­րապ­մունք­նե­րը։

Միա­ժա­մա­նակ՝ ու­սում­նա­ռու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կազ­մա­ւոր­ման այդ ամ­բողջ շրջա­նին, Եկ­մա­լեան հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան խմբեր­գա­յին մշա­կում­ներ կա­տա­րեց եւ վա­րեց ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ­Փե­թերս­պուր­կի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի երգ­չա­խում­բին։ ­Նոյն այդ տա­րի­նե­րուն էր, որ ե­րես­նա­մեայ ե­րա­ժիշ­տը լծո­ւե­ցաւ իր գլուխ-գոր­ծո­ցը հան­դի­սա­ցող Ս. ­Պա­տա­րա­գի իր ու­րոյն մշա­կու­մին։

Մին­չեւ իր ուս­ման ա­ւար­տը Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծած գոր­ծե­րուն մեծ մա­սը, սա­կայն, որ ձե­ռա­գիր վի­ճա­կի մէջ էր, այ­սօր ան­հետ կոր­սո­ւած են։ Իսկ փրկո­ւած մա­սը եր­կար ժա­մա­նակ սպա­սեց հրա­տա­րա­կու­թեան եւ ինչ­պէս ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, այն­պէս ալ քննա­դատ­նե­րը եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ ընդ­հան­րա­պէս պատ­կե­րա­ցում չու­նե­ցան Եկ­մա­լեա­նի մշա­կած եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման նո­ւի­րո­ւած գոր­ծե­րուն ու ժո­ղովր­դա­յին, գա­ւա­ռա­կան եւ սի­րա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Բախ­տա­ւոր ճա­կա­տա­գիր ու­նե­ցաւ 1891ին ար­դէն ա­ւար­տած Եկ­մա­լեա­նի Ս.­Պա­տա­րա­գը, որ կո­րուս­տէ փրկո­ւե­ցաւ՝ շնոր­հիւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ հայ մշա­կոյ­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ջերմ պաշտ­պան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան (կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­գա­նա­կու­թիւն եւ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ձե­ռա­գիր վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը)։

Հե­տե­ւա­բար, յատ­կա­պէս խորհր­դա­հայ եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մին­չեւ 1960ա­կան­նե­րը Եկ­մա­լեան կը նկա­տո­ւէր բա­ցա­ռա­պէս հայ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վար­պե­տը։

Ս.­Փե­թերս­պուր­կի ե­րաժշ­տա­նո­ցէն շրջա­նա­ւարտ՝ Եկ­մա­լեան 1891ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Թիֆ­լի­սի «­Ներ­սի­սեան» դպրո­ցը, իբ­րեւ ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­տու եւ եր­գե­ցիկ խում­բի ղե­կա­վար: Եկ­մա­լեա­նի պա­հան­ջով՝ ե­րաժշ­տու­թեան դա­սե­րը բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն մէջ սկսան դառ­նալ պար­տա­դիր, շա­բա­թա­կան եր­կու ժամ:

Եկ­մա­լեան հիմ­նո­վին վե­րա­կազ­մեց եւ ընդ­լայ­նեց դպրո­ցի ա­րա­կան եր­գե­ցիկ խումբն ու ա­նոր փոր­ձե­րուն ժա­մե­րը բարձ­րա­ցուց շա­բա­թա­կան վեց ժա­մի:

Եկ­մա­լեա­նի ա­ռա­ջին գոր­ծե­րէն մէ­կը ե­ղաւ ընտ­րել ե­րաժշ­տա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ւել ըն­դու­նակ տղա­նե­րը եւ ա­ռան­ձին խնամ­քով ու հո­գա­տա­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ ա­նոնց՝ յա­տուկ ծրագ­րով ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին փոր­ձեր կա­տա­րե­լով եւ առ­հա­սա­րակ ուղ­ղու­թիւն տա­լով ա­նոնց։

«­Ներ­սի­սեան» դպրո­ցի քա­ռա­ձայն երգ­չա­խում­բը ա­րա­գօ­րէն ձեռք բե­րաւ ար­հես­տա­վարժ բարձր մա­կար­դակ, ո­րուն հռչա­կը 1894-1895 թո­ւա­կան­նե­րուն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին եւ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն ան­դին: «­Հա­յու­թիւ­նը իր բո­վան­դակ կեան­քին մէջ,- ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին պի­տի վկա­յէր հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կի տի­րա­ցած հայ եր­գի­չը՝ «­Տա­րօ­նի սո­խակ» Ար­մե­նակ ­Շահ­մու­րա­տեա­նը,- Եկ­մա­լեա­նի «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նի խում­բին պէս նմա­նը ու­նե­ցած չէ: ­Ռուս քրի­թիկ­նե­րը (քննա­դատ­նե­րը) գրած են, թէ «Եկ­մա­լեա­նի խում­բը ամ­բողջ մայր կայս­րու­թեան ե­կե­ղե­ցա­կան խում­բե­րէն է՛ն ա­ղէկ­նե­րէն է»: Ա­մէն ­Կի­րա­կի, ­Թիֆ­լիս, վան­քի ե­կե­ղե­ցին ու բա­կը խռնո­ւած էր ա­մէն ազ­գի երկ­սեռ բազ­մու­թեամբ, երբ իր՝ Եկ­մա­լեա­նի քա­ռա­ձայն խում­բը կ­’եր­գէր»:

Մա­կար Եկ­մա­լեան մին­չեւ 1902 հա­յոց ե­րաժշ­տու­թիւն դա­սա­ւան­դեց ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ, ա­րա­կան երգ­չա­խումբ կազ­մեց ու ղե­կա­վա­րեց, հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու սե­րունդ հաս­ցուց, այդ շար­քին՝ ­Կո­մի­տա­սին հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան տե­սու­թիւն սոր­վե­ցուց եւ, միա­ժա­մա­նակ, մեծ ե­ռան­դով ստեղ­ծա­գոր­ծեց։

Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ, որ հայ ե­րաժշ­տու­թեան ճա­ռա­գայ­թող հան­ճա­րը՝ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ, իր ու­սու­ցի­չին նո­ւի­րո­ւած ա­ռան­ձին աշ­խա­տու­թեան մը մէջ, կը վկա­յէ՝ «­Հա­յոց ե­րաժշ­տա­կան ան­դաս­տա­նին մէջ ­Մա­կար Եկ­մա­լեանն անդ­րա­նիկ տուն­կը տնկեց»:

Մա­կար Եկ­մա­լեան եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դին ժա­ռանգ թո­ղուց ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դա­կան ու հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան մեծ հարստու­թիւն մը, ո­րուն կո­թո­ղա­կան նո­ւա­ճու­մը հան­դի­սա­ցաւ «Ս. ­Պա­տա­րագ»ը։ Ա­նի­կա մշա­կո­ւած է ե­րեք տար­բեր երգ­չա­խում­բա­յին կազ­մե­րու հա­մար.- ե­ռա­ձայն՝ ա­րա­կան, քա­ռա­ձայն՝ ա­րա­կան եւ քա­ռա­ձայն՝ երկ­սեռ:

Հան­րա­գի­տա­կան ծա­նօ­թագ­րու­թիւն է, որ 1895ին՝ ­Գէորգ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Սու­րէ­նեան­ցի (1911-1930ին՝ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Գէորգ Ե.) միջ­նոր­դու­թեամբ, օ­րո­ւան Ա­մե­նայն Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս Մկր­տիչ Ա. ­Վա­նե­ցիի (Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ) հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կով` ­Հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցին պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նեց Մ. Եկ­մա­լեա­նի «­Սուրբ Պա­տա­րա­գը» եւ այդ­պէ՛ս սկիզբ դրո­ւե­ցաւ ա­նոր բազ­մա­ձայն կա­տա­րու­մին:

Ա­ւե­լի՛ն. ­Հայ ­Հո­գիին ա­մէ­նէն թո­վիչ եր­գե­րը կը պար­տինք Եկ­մա­լեա­նի՝ վաղ-գիւ­ղա­կան «­Քե­լէ, քե­լէ խո­րոտ աղ­ջիկ»ի օ­րի­նա­կով մշա­կում­նե­րէն մին­չեւ քա­ղա­քա­յին «­Սի­րու­հիս քեզ հա­մար» եւ «Աղ­ջիկ դու սի­րուն»ը, ա­շու­ղա­կան «­Վարդ կօ­շիկս»ը, ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան «Ազ­նիւ ըն­կեր»ը, «­Ձայ­նը հնչեց»ը, «­Քաջ ­Զէյ­թուն»ը եւ մեր օ­րե­րուն ան­գամ այն­քան լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող «Ով ­Հա­յոց Աշ­խարհ»ն­ ու «­Թա­ղումն քա­ջոր­դոյն» եր­գե­րը։

Հա­յոց հո­գե­ւոր, ժո­ղովր­դա­կան եւ ազ­գա­յին եր­գե­րու բարձ­րար­ժէք մշակ­ման մեծ վար­պետն ու, միա­ժա­մա­նակ, հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու սե­րունդ կեր­տող բազ­մա­վաս­տակ Ու­սու­ցի­չը հան­դի­սա­ցաւ Եկ­մա­լեան, ո­րուն ա­շա­կեր­տե­ցին Ա. ­Շահ­մու­րա­դեա­նի, Շ. Տա­լեա­նի, Մ. Ա­ղա­յեա­նի, Ա. ­Տէր-­Յով­հան­նի­սեա­նի, Ա. ­Մա­յի­լեա­նի, Ա. ­Մա­նու­կեա­նի, Ա. Տիգ­րա­նեա­նի, ­Կո­մի­տա­սի եւ այլ մե­ծա­նուն տա­ղանդ­նե­րու օ­րի­նա­կով հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ան­մահ ար­ժէք­ներ։

Մա­կար Եկ­մա­լեան աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց ­Թիֆ­լի­սի մէջ՝ նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ։