Մալաթիոյ Հայերը Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան ճանաչում, գոյքի վերադարձ եւ հաւասար իրաւունքներ կ՛ակնկալեն

28 de marzo de 2015

MalatyaԹուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին նաեւ հայերը, երկար տարիներ ապրելով այդ տարածքներուն մէջ, մինչեւ այսօր չեն կրնար իրենք զիրենք զգալ պետութեան լիիրաւ քաղաքացիներ: Ժողովուրդին մէջ հայերու նկատմամբ ձեւաւորուած «թշնամիի», «դաւաճանի» կարծրատիպերը կը ստիպեն հայերուն օտարուած զգալ այն հասարակութեան մէջ, ուր կ՛ապրին: Այդուհանդերձ, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող պատմական հայկական բնակավայրերու մէջ մնացած հայերուն մէջ կը շարունակուի սեփական ինքնութեան վերադառնալու դրական միտումը: «Արմէնփրես»-­ը խօսած է Մալաթիոյ հայերու միութեան նախագահ Կարպիս Էվեափանի հետ, որուն գլխաւորած Մալաթիոյ «Հայդեր» կազմակերպութիւնը եւս մեծ աշխատանք կը տանին ոչ միայն հայերու ինքնութեան պահպանման, այլեւ հայկական կոթողներու վերականգնման համար:

 

-Այսօր քանի՞ հայ կը բնակի Մալաթիոյ մէջ: Անոնք կը թաքցնե՞ն իրենց ինքնութիւնը, թէ բացայայտ կը խօսին անոր մասին:

- Այս պահուն Մալաթիոյ հայերը շուրջ 60-­ն են: Անոնք բոլորն ալ բացայայտ կը նշեն, որ հայ են, չեն թաքցներ իրենց ինքնութիւնը: ­

 

-Կը պատմէ՞ք Մալաթիոյ հայերու միութեան` «Հայդեր»-ի մասին: Սեփական արմատներուն վերադառնալ ցանկացող հայերուն համար միութիւնը ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ:

 

-Մալաթիոյ «Հայդեր» միութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին: Մինչեւ հիմա ան տարբեր ձեռնարկներ իրականացուցած է Սթամպուլի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող մալաթիացի հայերու հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով: Ան ոչ միայն կազմակերպած է տարբեր ձեռնարկներ, այլեւ մասնակցած է իսլամացուած հայերու համաժողովին, պատրիարքի եւ վաքըֆներու ընտրութեան առնչուող քննարկումներուն եւ առհասարակ այն նախաձեռնութիւններուն, ուր քննարկուած են հայերը յուզող հարցեր: Միեւնոյն ժամանակ, Ս. Ծնունդի, Զատիկի, Բարեկանդանի նման կրօնական տօներուն, մեր աւանդոյթները կեանքի կոչելով, կը կազմակերպենք հաւաքներ: Բացի այդ, կատարուած է Մալաթիոյ հայերու պատմութիւնը ներառող գիրքը, որ շատ շուտով լոյս պիտի տեսնէ: Կը շարունակուին նաեւ բանաւոր պատմութեան շուրջ տարուող աշխատանքները:

Մալաթիոյ մէջ, համեմատած միւս շրջաններուն հետ, քիչ է արմատապէս իսլամացած հայերուն թիւը: Մեր միութիւնը աշխատանքներ կը տանի անոնց` հայկական համայնք ներգրաւելու նպատակով: ­

 

-Ի՞նչ վիճակի մէջ են Մալաթիոյ  մէջ հայերէն մնացած մշակութային կոթողները:

 

- ­Աւարտած են Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան անվտանգութեան ուղղուած աշխատանքները, ծառատունկը, զոհասեղանի եւ դիակի լուացման վայրի կառուցումը: Դեռ կը շարունակուի տեղի երկու կիսաւէր հայկական եկեղեցիներու վերանորոգումը:

 

 

- Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին Մալաթիոյ մէջ յիշատակի ջեռնարկներ պիտի իրականացուի՞ն:

 

- Քանի որ մեր միութիւնը հիմնուած է Սթամպուլի մէջ, ան հիմնական գործողութիւնները կը ծաւալէ այնտեղ. մենք կը մասնակցինք Սթամպուլի ձեռնարկներուն: Իսկ Մալաթիոյ մէջ հնարաւոր յիշատակի ձեռնարկներ իրականացնելու վերաբերեալ որոշում պիտի կայացնեն տեղացիները: ­

 

-Կը սպասէ՞ք, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

- Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յատկապէս կարեւոր է այն, որ թրքական պետութիւնը սահմանադրօրէն պէտք է ընդունի փոքրամասնութիւնները որպէս իր երկրի հաւասար քաղաքացիներ, որոնք արդէն 100 տարի է` կ՛ապրին Լոզանի պայմանագրի հովանիին տակ: Բացի այդ, պետութիւնը պէտք է ապահովէ այնպիսի միջավայր, ուր հայերը կարենան ազատօրէն դաւանել իրենց կրօնը, ապրիլ իրենց պատմական ինքնութեամբ: Պետութիւնը պէտք է վերադարձնէ նաեւ հայերէն խլուած գոյքը:

Անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը յատուկ կրթական քարոզչութիւն սկսի, որ վերացնէ ժողովուրդի ուղեղներուն մէջ առկայ այն կարծրատիպերը, որով հայերուն հետ կը կապեն «վրէժի», «հայրենիքի դաւաճանի», «կեաւուրի» գաղափարները, պէտք է ժողովուրդին ներկայացուի, որ հայերը, եւ ոչ միայն անոնք, այս երկրի հիմնական տարրերն են: Այն ժամանակ, երբ մարդիկ ոչ թէ պետութեան պարտադրանքով, այլ սեփական կամքով սկսին հաւատալ այս ամէնուն, խնդիրները մեծաւ մասամբ լուծուած կը համարուին: Մենք յատկապէս կը ցանկանանք ըլլալ սահմանադրօրէն հաւասար իրաւունք ունեցող քաղաքացի:

Հարցազրոյցը Արաքս Կասեանի