Մայր Աթոռը կը հակադարձէ Կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջող կոչերուն

06 de junio de 2018

Protestas-EchmiadzinԷջմիածինի մէջ Յունիս 5-ին տեղի ունեցած միաբանական ժողովի մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ շեշտելով, որ «մեր եկեղեցւոյ ներքին կեանքի խնդիրները լուծում կը ստանան ըստ դարերով նուիրագործուած ընթացակարգի՝ եկեղեցական կանոնական մարմիններու միջոցով», եւ՝ «խնդիրներու լուծման կանոնական այլ ճանապարհներ եւ հարթակներ չկա՛ն»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող կոչերուն հակադարձող յայտարարութան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Վերջին օրերուն, համացանցի մէջ յայտնուած են նախաձեռնութիւններ եւ բողոքի կոչեր, որոնք հասցէագրուած են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան: Կը ցաւինք, որ անոնց միացած են նաեւ հաւատաւոր զաւակներ, որոնք անկեղծօրէն մտահոգուած են մեր եկեղեցւոյ առաքելութեամբ»:

Նշենք, որ կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջողներ Յունիս 6-ին ցոյց մը կատարեցին Երեւանի մէջ։