Մաքրոն Ֆրանսայի պետական տօներու օրացոյցին վրայ կ՛ամրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր մը

01 de febrero de 2018

Macron_1-31-18_CCAFՖրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երեքշաբթի 31 Յունուարի գիշերը մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած տարեկան ընթրիքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ընթրիքին մասնակցած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Իլ տը Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրես, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխանները, ներառեալ` Փաթրիք Տեւեճեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան: Ընթրիքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Մաքրոն անդրադարձած է հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղին:

«Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է: Մենք այդ պայքարը կը մղենք յիշելով եւ Հանրապետութեան օրացոյցին վրայ Ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր ամրագրելով», նշած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ որոշումը պիտի ընդունուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ պիտի փորձէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ներգրաւել կանոնաւոր երկխօսութեան մէջ. «Երբեմն հակառակ լրատուամիջոցներու ցանկութիւններուն»: «Ես անոր ըսած եմ այն ամէնը, ինչ որ գոյութիւն ունի: Մեր արդիւնքը այս պարագային շարք մը լրագրողներու ազատ արձակումն է: Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան վերաբերեալ բազմաթիւ լաւ հիմնաւորուած կասկածներ կան, սակայն իմ կարծիքովս` արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի ուղերձը դատարկութեան մէջ ուղղուած խօսք չէ», նշած է Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը ջերմօրէն ողջունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը` նշելով, որ վերջինիս ձայնը կը հնչէ երբեմն անհաւասար միջավայրի մէջ, սակայն անիկա շատ աւելի կարեւոր է, քան շատերու բարձրագոչ յայտարարութիւնները:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Ան նշած է, որ իբրեւ միջնորդ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ֆրանսան պիտի շարունակէ յառաջ ընթանալ կողմերուն լսելու ուղիով: «Կը յուսամ, որ օր մը ձեր մօտ կը վերադառնամ ու կ՛ըսեմ, որ մենք լուծած ենք այդ տագնապը», նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոն Ֆրանսայի հայ համայնքի ձեռնարկին մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը կուրծքին: