Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

05 de junio de 2019

Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան հիմնադրման 101-ա­մեա­կի խուրհուրդը այս տա­րի կը կեդրո­նա­նայ ա­զատ, անկախ եւ միա­ցեալ Հա­յաստա­նի ազգա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադրանքի բա­նա­ձեւման վրայ: Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհա­նուր ժո­ղո­վը կ՛ո­րո­շէր հա­մազգա­յին նպա­տա­կը` հա­մա­հայկա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ա­ռանցքի ճշդումով:

Ամբողջա­կան հայրե­նի­քի կերտման այս ա­ռա­ջադրանքին նկատմամբ տասնա­մեակներ շա­րունակ կի­րարկուե­ցաւ խիստ քա­ղա­քա­կա­նա­ցուած մօ­տե­ցում: Հայրե­նի­քի խորհրդայնա­ցումը հա­րուա­ծեց նպա­տա­կի հա­մա­հայկա­կա­նացման հո­լո­վոյթը:

Ազգա­յին տրա­մա­բա­նութեամբ դժուար պի­տի ըլլար պատկե­րացնել նման ա­ռա­ջադրանքի մերժումն ու ա­նոր նկատմամբ ընդդի­մա­խօ­սութիւն ծաւա­լե­լը: Ա­զա­տութիւնը սա­կայն պի­տի ընկա­լուէր իբրեւ հա­մայնա­վա­րա­կան միա­կուսակցա­կա­նութեան կամ միա­կարծութեան դէմ շարժում, անկա­խութիւնը` Խորհրդա­յին Միութե­նէն անջա­տուե­լու տրա­մադրութիւն, իսկ միա­ցեա­լը` Խորհրդա­յին Միութիւն-Թուրքիա յա­րա­բե­րութիւննե­րու շրջանցումով, թշնա­մա­կան տրա­մադրութիւննե­րու ա­լի­քաւորման փորձեր:

Արդա­րութեան հա­շուոյն պէտք է արձա­նագրել նաեւ, որ նոյնիսկ այդ պայմաննե­րուն մէջ, խորհրդա­հայ վա­րիչներ եւ ո­րո­շա­կի մտաւո­րա­կա­նութիւն հիմնո­վին սա­տա­րե­ցին Ցե­ղասպա­նութեան հիմնա­հարցի բարձրացման եւ անկէ անդին` Թուրքիոյ հետ տա­րածքա­յին խնդիրնե­րու պե­տա­կան փաստա­թուղթե­րու ամրագրման դժուար աշխա­տանքին:

Կը թուէր, որ վե­րանկա­խա­ցումէն ետք ա­զա­տութեան եւ հայրե­նի­քի վե­րա­միաւորման ա­ռա­ջադրանքնե­րով ա­րագ անցում պի­տի կա­տա­րուէր դէ­պի նպա­տա­կի հա­մա­հայկա­կա­նա­ցում: Հա­մա­հայկա­կան ա­ռա­ջադրանքի ռահվի­րայ ուժը շատ ա­րագ պի­տի ենթարկուէր բռնութեան. քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տութեան արժէքնե­րը խիստ հարցա­կան պի­տի դառնա­յին անկախ Հա­յաստա­նի ա­ռա­ջին վարչա­կարգի օ­րե­րուն: Ստուե­րոտ հա­տուա­ծի մէջ կը մնար նաեւ միա­ցեալ Հա­յաստա­նի գա­ղա­փա­րը, ո՛չ միայն Թուրքիա­յէն տա­րածքա­յին խնդիրներ չարծարծե­լու ծայրա­յեղ զգուշաւո­րութեամբ, այլեւ նոյնիսկ Ցե­ղասպա­նութեան ճա­նաչման ա­ռա­ջադրանքին մեր պե­տութեան արտա­քին քա­ղա­քա­կա­նութեան օ­րա­կարգէն դուրս մղումով: Այստեղ ալ պէտք է նկա­տել, որ Արցա­խի վե­րակցման պա­հանջնե­րու ա­ռա­ջին շրջա­նը էա­պէս կը տե­ղաւո­րուի միա­ցեալ Հա­յաստա­նի գա­ղա­փա­րին մէջ` իբրեւ հայրե­նի­քի տեսլա­կա­նի ա­ռա­ջին փուլ:

Հե­տա­գա­յին, Ցե­ղասպա­նութեան մի­ջազգա­յին ճա­նաչման արտա­քին քա­ղա­քա­կա­նութեան օ­րա­կարգ վե­րա­դարձով նպա­տա­կի վե­րաամրագրման հի­մե­րը տե­սա­նե­լի կը դառնա­յին: Պարզ էր, որ Թուրքիոյ հետ տա­րածքա­յին խնդիրներ ուղղա­կի արծարծե­լը ակնկա­լե­լի պի­տի չըլլար պե­տա­կան մտա­ծո­ղութեամբ: Անհրա­ժեշտ էր սա­կայն այդ տեսլա­կա­նի ի­րաւա­կան արգե­լա­կումին ա­ռաջնորդող ճամբա­նե­րուն չներքա­շուի­լը: Այլ խօսքով` Ե­րեւան-Անգա­րա արձա­նագրութիւննե­րը մերժե­լը կամ ա­նոնց չե­ղեալ յայտա­րարման հա­մար պայքա­րի­լը:

Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով ընդունուած Հա­մա­հայկա­կան հռչա­կա­գի­րը այժմէա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող շեշտե­րով յղում կ՛ը­նէր Սեւրի պայմա­նա­գի­րին եւ Ուիլսը­նի ի­րաւա­րար վճի­ռին: Պե­տա­կան ա­տեաննե­րէ տարբեր ա­ռիթնե­րու բարձրա­ձայնումներ կը կա­տա­րուէին հա­յոց պատմա­կան ի­րաւունքնե­րու վե­րա­կանգնման եւ Ցե­ղասպա­նութեան բո­լոր հե­տեւանքնե­րու վե­րացման անհրա­ժեշտութեան: Տա­կաւի՛ն. բարձրաստի­ճան պաշտօ­նա­տարներ կ՛ընդգծէին Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան կորսնցուցած տա­րածքնե­րու վե­րա­տի­րացման աշխա­տանքին ձեռնարկե­լու անհրա­ժեշտութիւնը: Սահմա­նադրա­կան դա­տա­րա­նի նա­խա­գա­հին գլխաւո­րութեամբ յանձնա­րա­րա­կան կը կա­տա­րուէր հա­տուցման ամբողջա­կան ի­րաւա­կան թղթածրա­րի պատրաստութեան: Նպա­տա­կի վե­րա­պե­տա­կա­նացման ուղղութեամբ առնուած կա­րեւո­րա­գոյն քայլեր էին նշուածնե­րը: Այդ երթի ճամբա­նե­րու հարթման հա­մար եւ մա­նաւանդ իբրեւ ի­րաւա­ժա­ռանգորդ Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան յայտա­րա­րած հա­մազգա­յին տեսլա­կա­նին ընդա­ռաջ աշխա­տե­լու` միա­ցեա­լի չափ կա­րեւո­րութիւն կը ներկա­յացնեն անշուշտ ա­ռա­ջին երկու նպա­տա­կա­կէտնե­րը:

Այս պատճառնե­րով ալ մեր արտա­քին քա­ղա­քա­կա­նութիւնը աշխարհա­քա­ղա­քա­կան բարդ, յա­րա­փո­փոխ պայմաննե­րու մէջ պի­տի շա­րունա­կէ հաւա­սա­րակշիռ, փոխլրա­ցուցիչ վարքա­գի­ծը` ա­ռաւե­լա­գոյն անվտանգութիւնը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար անկա­խութեան:

Ի­րաւա­կան պե­տութիւն ստեղծե­լու յայտա­րա­րուած ա­ռա­ջադրանքի կենսա­գործման հա­մար լիա­կա­տար յարգէ մարդու, քա­ղա­քա­ցիի բո­լոր ի­րաւունքնե­րը:

Եւ իբրեւ ա­ռա­ջին հանգրուա­նի ա­ռա­ջին փուլ` հա­մախմբէ հա­մա­հայկա­կան նե­րուժը` նպա­տա­կաուղղուած աշխա­տանք ի­րա­կա­նացնե­լու հա­մար Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան մի­ջազգա­յին ճա­նաչման ուղղութեամբ: