Մեսսին եւ իր ընկերները չեն ուզած խաղալ Ազրպէյճանի հաւաքականին դէմ

31 de octubre de 2017

MessiԱզդակ.- Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջատար ֆութպոլիստները, խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսիի գլխաւորութեամբ, չեն ուզած ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարել Ազրպէյճանի հաւաքականին դէմ:

Կը հաղորդուի, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ծրագրած էր, նախքան Նիկերիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումը, բարեկամական մրցումներ կատարել Ազրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ դէմ` նկատի ունենալով, որ անոնք 2018-ի մոնտիալը հիւրընկալող երկրին` Ռուսիոյ դրացի են:

Սակայն ֆութպոլիստները չեն ուզած մրցիլ ազրպէյճանցիներուն դէմ եւ փոխարէն նախընտրած են Նիկերիան: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 նոյեմբերին, Կրասնոտարի մէջ (Ռուսիա):