ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի Խմբագրական

Մետաքսի ճամբա՞յ, թէ՞ համաթուրանական ճեպընթաց

03 de noviembre de 2017

TrenesՊաքու–Թիֆլիս–Կարս երկաթուղիին մտայղացումը աշխարհի տը ֆաքթօ մեծ պետութեան՝ Չինաստանի առաջարկն էր: Աշխարհագրականօրէն, այդ տարածաշրջանէն հեռու Պէյճինկը, իր տնտեսական ներկայութիւնը յաւելեալ կերպով զօրացնելու համար, շտապ հասանելի ճամբաներու կարիքն ունէր: Բնականաբար, տարածաշրջանին մէջ, այդպիսի չինական մտայղացում Անգարայի եւ յատկապէս Պաքուի ախորժակը պիտի բանար, որոնք շուտով գործի լծուեցան ու իրագործեցին այս մտայղացումը: Անշուշտ, անոնք ալ իրենց հաշիւներն ունէին եւ ըստ այնմ կառուցեցին աւելի երկար ուղի մը, նկատի ունենալով որ աւելի կարճը, որ Հայաստանէն կ՛անցնէր, խոչընդոտներ պիտի ստեղծէր:

Պաքու–Թիֆլիս–Կարս երկաթուղիին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հոկտեմբեր 30-ին, ներկայութեամբ հիւրընկալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ յատուկհրաւէրներ յղած էր թէ՛ գործակից եւ թէ՛ գաղափարակից երկիրներուն: Այս հրաւէրին ընդառաջած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, Վրաստանի վարչապետ Ղազախստանի Կէորկի Քվիրիքաշվիլին, Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլահ Արիփովն ու  վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւը:

Հանդիսաւոր էր բացման արարողութիւնը, ուր մասնակից երկիրներուն դրօշակները կը ծածանէին անդրանիկ ճեպընթացին վրայ:

Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը անգամ մը եւս շրջանին մէջ ղեկավարութիւն ներշնչող, սուլթանամէտ արտայայտութիւն մը կատարեց, թէ այս 21-րդ դարու նորաստեղծ մետաքսէ ճամբան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք մըն է:

Յստակ է, թէ ճամբորդէ եւ զբօսաշրջիկէ աւելի, ապրանքի փոխադրութիւնն է, որ 826 քլմ. (513 մղոն) երկարութիւն ունեցող այս երկաթուղագիծին առիւծի բաժինը պիտի խլէ: Առաջին տարեշրջանին համար կը նախատեսուի մէկ միլիոն ճամբորդ եւ … 6.5 միլիոն թոն ապրանք:

Բնականաբար, այս երկաթուղագիծը ունի իր քաղաքական պատգամը, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն պարզ ու մեկին շրջափակումն է որ կը շարունակուի, մանաւանդ երբ գոյութիւն ունի Թիֆլիս–Գիւմրի – Կարս տարբերակը:

Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ շրջանցելով Հայաստանի սահմանները, այս երկաթուղագիծը, Վրաստանի տարածաշրջանին մէջ կ՛անցնի հայաբնակ  Սամցխէ-Ջաւախքի շրջաններէն, որոնք արդէն իսկ ուղղակիօրէն ազդուած էին քանի մը տարիէ ի վեր կատարուած երկաթուղագծի շինարարական աշխատանքներուն պատճառաւ: Տեղացի վրացիներ ալ սկսած էին մտահոգուիլ, մանաւանդ որ թուրք մցխեթներ սկսած էին հաստատուիլ շրջանին մէջ:

Տեղին է հարցադրել՝  մետաքսի ճամբա՞յ, թէ՞ համաթուրանական ճեպընթաց:

Իսկ այլ հարցադրում մըն ալ տեղին է յղել. վերջերս Անգարայի հետ սիրաբանող Մոսկուան ալ հեռու կը մնայ եկամուտ ապահովող այս տնտեսական հաշիւներէն: Նորաստեղծ ուղին փաստօրէն կը դիւրացնէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, ինչպէս եւ Չինաստանի ւ Եւրոպայի միջեւ ապրանք փոխադրութիւնն ու առուծախը՝ առանց օգտագործելու Ռուսաստանի լայնատարած սահմանները: