Մեր առաջնահերթութիւնը դուք չէք

21 de enero de 2020

Դի­մա­տետրը կը վխտայ ա­մէն կարգի ա­պա­կողմնո­րո­շիչ գրա­ռումնե­րով մէկ կողմէ իշխա­նութեան քա­րոզչա­կան մե­քե­նան շարժման մէջ պա­հե­լու եւ միւս կողմէ՝ Դաշնակցութեան թա­փը կա­սեցնե­լու յստակ դի­տաւո­րութեամբ։ Կը թուի, թէ ռազմա­բե­մը այլեւս սահմա­նա­գի­ծը չէ։ Ռազմա­բե­մը փո­խադրուած է ներքին քա­ղա­քա­կա­նութեան ո­լորտէն ներս։ Նա­խա­յարձա­կումը (ագրե­սիա) տե­ղի կ՚ունե­նայ Ե­րեւա­նի մէջ իսկ։ եւ թի­րա­խը մեր ազգա­յին քա­ղա­քա­կա­նութիւնն է։ Մեր ազգա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սութիւնը։ Մեր ազգա­յին հա­րա­զատ ընդդի­մութի՛ւնը մեր ժո­ղո­վուրդը կե­ղե­քող ուժե­րուն դէմ։ Թի­րա­խը այն իսկ քա­ղա­քա­կան ուժն է, որ կը մերժէ ընդունիլ մեր երկրին պարտադրուած status quo-ն։ Որ կը մերժէ ենթարկուիլ իշխող հաստա­տութեան, որ նոյնինքն մե­նաշնորհա­յին հա­մա­կարգի նոր գործիքն է։

Ժո­ղովրդա­յին Շարժման բո­վին մէջ իշխա­նա­փո­խութեան հա­սած մե­քե­նան, որ կը շա­րունա­կէ ինքզինք ծա­նուցել որպէս յե­ղա­փո­խութիւն, ա­մէն օր աւե­լի կը բա­ցա­յայտէ իր իսկա­կան դի­մա­գի­ծը։ Ես ը­սած եմ օ­րին։
Այս իշխա­նութիւնը յե­ղա­փո­խութիւնը չէ։ Ը­սած եմ, որ յե­ղա­փո­խութիւնը դեռ մեր առջեւն է։ Ան կրնայ գալ, ե­թէ այս իշխա­նութիւնը ուզէ զայն բե­րել։ Այսօր արդէն յստակ է, որ այդ մէ­կը չի կրնար ի­րա­գործուիլ այս իշխա­նութեան մարդոյժով եւ մտքե­րով։

Յե­ղա­փո­խութիւնը կը պա­հանջէ հա­մա­կարգա­յին յստակ յե­ղաշրջում։ Կը պա­հանջէ մե­նաշնորհա­յին հա­մա­կարգի կազմա­քանդում եւ ազգա­յին ե­կա­մուտի ա­ռողջ վե­րա­բաշխում։ Պայման է, որ երկի­րը կե­ղե­քող շա­հա­տէ­րե­րը բե­րուին մրցակցա­յին դաշտ։ Այս մէ­կը կա­րե­լի է ա­ռանց հսկայ ցնցումնե­րու։

Պայման է, որ երկրի աշխա­տուժը դուրս գայ իր ստրկա­յին կարգա­վի­ճա­կէն։ Մե­նաշնորհա­յին դաշտին հետ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կե­ցութեան մէջ ե­ղող իշխա­նութիւնը չի կրնար յե­ղա­փո­խող հանդի­սա­նալ։ Այդ ա­ռա­քե­լութիւնը կը պատկա­նի արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան եւ զայն գլխաւո­րե­լու կո­չուած Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան։

Մի՛ փորձէք ա­ղաւա­ղել եզրե­րը։ եւ մա­նաւանդ մի փորձէք ա­ղաւա­ղել փաստե­րը։ Ձեր քա­րոզչա­կան մե­քե­նան ձեր գործին մե­ծա­գոյն պա­տուհասն է։ Նա­խորդ իշխա­նութեան դէմ օ­րը-օ­րին պայքա­րող միակ ի­րա­կան ուժը Դաշնակցութիւնն էր։ Ի զուր կը փորձէք ա­ղաւա­ղել այս փաստը։ Մենք այդ կռիւը մղե­ցինք ներսէն եւ կա­րեւոր նուա­ճումնե­րու հա­սանք։ Բայց չյա­ջո­ղե­ցանք մե­նաշնորհա­յին հա­մա­կարգը հա­կակշռի տակ բե­րել։ եւ կը խոստո­վա­նինք, որ մեր գործը դեռ շատ հե­ռու է աւարտած ըլլա­լէ։
Մենք միշտ պատրաստ ենք երկխօ­սութեան եւ հա­մա­գործակցութեան, ե­թէ մեր խօ­սա­կիցնե­րը պատրաստ են անկեղծօ­րէն միա­նա­լու մե­զի հա­մա­կարգա­յին փո­փո­խութիւննե­րու ճա­կա­տին վրայ, որ մեր յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջադրութիւնն է։ Մեր ա­ռաջնա­հերթութիւնը դուք չէք։ Մեր միակ ա­ռաջնա­հերթութիւնը մեր ժո­ղո­վուրդն է եւ մեր հայրե­նի­քը։ եւ ա­նոնք — ինչպէս յե­ղա­փո­խութի՛ւնը — լո­զունգներ չեն մե­զի հա­մար։ Մեր գործը մեր առջեւն է եւ ան կանգ պի­տի չառնէ։

Կարօ Արմենեան