Կարօ Արմենեան

Մեր երկրում տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը համակարգային փոփոխութիւնների, որակական, խորքային բարեփոխումների պահանջի վկայութիւնն են…

20 de abril de 2018

protestas-5Այսպէս կը բնորոշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը քաղաքացիական բողոքի այս շարժումը։ Միաժամանակ ան կոչ կ՚ուղղէ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն անմիջապէս խմբուելու արտախորհրդարանական յատուկ հարթակի մը շուրջ երկիրը ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու անյետաձգելի հրամայականով։

Դաշնակցութիւնը նաև կ՚առաջարկէ, որ խորհրդակցութիւններու այս հարթակը գործէ Հ.Հ. Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հովանաւորութեան տակ որպէս գերկուսակցական հեղինակութիւն, որուն պէտք ունի երկիրը այս պահուն։ Ուրախ ենք, որ այս կապակցութեամբ արդէն իսկ հրապարակուած է Պր. Նախագահի ջերմ հաւանութիւնը։

Ի սրտէ կը յուսանք, որ այս խիզախ նախաձեռնութիւնը արագ ընդառաջում ստանայ բոլոր մեր գործընկերներուն կողմէ և երկրի խաղաղեցման գործընթացը մտնէ վճռական փուլ բոլոր կողմերու անվերապահ գործակցութեամբ և ի փառս հայրենի ժողովրդավարութեան։

Այնուամենայնիւ զգաստութիւնը կը թելակդրէ, որ դուրս չգանք իրապաշտութեան սահմաններէն և խօսինք բաց բնագրով։ Մեծ աւեր գործուած է անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և մեծ ճեղք մը բացուած՝ մեր հասարակութեան կեանքին մէջ ղեկավարողի և ղեկավարուողի փոխադարձ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։ Դաշնակցութեան կոչը միայն սկիզբն է երկանց։ Ազգային համաձայնութեան անխախտ եզրեր պէտք է կեանքի կոչուին։ Հետևաբար կարևոր է կրկնել ու յիշեցնել, որ այս պատմական ճիգը պէտք է ըլլայ բծախնդրօրէն խորքային և այս բանին հիմնական պարտաւորութիւնը այսօր կը ծանրանայ Պր. Վարչապետի և իր կառավարութեան ուսերուն։

Այսօրուան թախանձագին պատգամն է, որ վարչապետական նոր իշխանութիւնը և առաջին հերթին՝ Հանրապետական Կուսակցութիւ՛նը մտնեն այս գործընթացին մէջ այն անկեղծ ակնկալութեամբ, որ ջրբաժան տեղի պիտի ունենայ երկրի կեանքին մէջ։ Յարացոյցի վճռական փոփոխութեան մը մեկնա՛րկը՝ որուն իրենք մաս պիտի կազմեն ոտքէն մինչև գլուխ։

Այն ինչ, որ պիտի ծնի այս գործընթացէն, չի կրնար մակերեսային «կրակմար»ի մը բնոյթը կրել։ Այն ինչ, որ պիտի ծնի սահմանադրական նոր գործընթացի այս շեմին, պէտք է ունենայ Ազգային Ուխտի մը գերադիր հանգամանքը բանաձևելով էութիւնը սահմանադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վճռական լուծում բերել աղքատութեան, արտագաղթի, ազգային եկամուտի վերաբաշխման, աշխատատեղերու ստեղծման և ազգին բարոյական զինարանը կոփելու մեծ հարցերուն։

Յաճախ կը խօսուի երկրի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքի առաջնահերթ բնոյթին մասին։ Հասած ենք այն կէտին, ուր այլևս յստակ է, որ մեր երկրի արտաքին սպառնալիքը միայն այս ձևով է, որ կարելի է յաջողապէս չէզոքացնել։ Արտաքին ու ներքին սպառնալիքները այսօր ընդելուզուած իրարու և կռուի ճակատը այս պահուն կը գտնուի մայրաքաղաքի հրապարակներուն վրայ։

Մեր ժողովուրդը պէտք է սկսի հաւատալ իր հայրենիքին, ինչպէս հաւատացին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Լեռնահայաստանի և Արցախի մարտիկները։ Այլ չափանիշ ընդունելի չէ։ Եւ եթէ յանկարծ այս հարթակի դերակատարները իյնան փորձութեանը մէջ քաղաքական մեքենայութիւններո՛վ այս հարցը «լուծելու», յաջորդ հանգրուանը ապահովաբար պիտի ըլլայ աղիտալի ամբողջ երկրին և ամբողջ ազգին համար։ Այդ մէկը այժմէն իսկ պէտք է բացառուած նկատել։

Մարտահրաւէրը, որ այսօր կայ ազգին առջև, ընբոստները միայն տուն բերել չէ։ Մեր մարտահրաւէրը այս հսկայ ուժականութիւնը ոգեզինելն է և զայն անմնացորդ ընդգրկելն է վաղուան մեծ վերելքին մէջ։ Մեր իսկական հարստութիւնը այս պահանջատէր երիտասարդութիւնն է, որ կը պատկանի հայոց հայրենիքի ներկային և ապագային և այդ ապագան մսխելու լուսանցքը գոյութիւն չունի այլևս։ Հասկնանք միանգամընդմի՛շտ։

Ապրիլ 19, 2018
Ուաշինկթըն