Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ

23 de abril de 2018

Departamento de Estado EEUUՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Փաստինֆօ».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը փոխարինող կառավարութեան հետ, յայտարարծ է Միացեալ նահանգներու արտաքին գրործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

«Մենք շնորհակալ ենք վարչապետ Սերժ Սարգսեանին երկար տարիներու ծառայութեան ու ԱՄՆ-Հայաստան ամուր գործընկերութեան մէջ իր ներդրումին համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ անոր յետնորդը կը յայտարարուի ժողովրդավարական գործընթացով՝ օրէնքներուն ու Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն: Մենք կ՛ակնկալենք սերտ համագործակցութիւն նոր կառավարութեան հետ», յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: