Մխիթարեանի Շապիկներով Համակիրներ Պաքուի Մէջ Կը Հարցաքննուին

05 de junio de 2019

Ինչպէս ծա­նօթ է, Ատրպէյճա­նի մայրա­քա­ղաք Պա­քուի մէջ, 29 Մա­յի­սին տե­ղի ունե­ցած ֆութպո­լի «Եուրո­փա» մրցա­շարքի աւարտա­կան մրցումին վայրին ընտրութիւնը մի­ջազգա­յին դա­տա­պարտումի ա­լիք ստեղծեց։

Անգլիա­կան «Արսե­նալ» եւ «Չելսի» խումբե­րուն մի­ջեւ մրցումին ներկայ ըլլա­լու հա­մար, Ատրպէյճան երթալ փորձած հա­յազգի հա­մա­կիրնե­րուն մուտքի արտօ­նութիւն չտրուե­ցաւ, իսկ Պա­քու բաւա­րար ե­րաշխիքներ չկրցաւ տալ «Արսե­նալ»ի հա­յազգի աստղ Հենրիկ Մխի­թա­րեա­նի ա­պա­հո­վութեան հա­մար։

Թէեւ Մխի­թա­րեան անձամբ ներկայ չէր, բայց նոյնիսկ իր շա­պիկնե­րը կրող ֆութպո­լա­սէրնե­րը հա­լա­ծանքի ենթարկուե­ցան Պա­քուի ոստի­կա­նութեան կողմէ։ Արդա­րեւ, հա­մա­ցանցին վրայ մեծ տա­րա­ծում գտաւ տե­սա­նիւթ մը, ո­րուն մէջ ատրպէյճանցի ոստի­կաններ կը կեցնեն եւ կը հարցաքննեն «Արսե­նալ»ի՝ Մխի­թա­րեա­նի ա­նունով շա­պիկ հա­գած հա­մա­կիր մը։ Միւս կողմէ, «Արսե­նալ»ի եւ «Չելսի»ի մարզա­սէրներ, ի պաշտպա­նութիւն Մխի­թա­րեա­նի եւ ի նշան բո­ղո­քի՝ վե­րա­դարձուցին մօ­տաւո­րա­պէս 5800 տոմսակներ։

Նաեւ, աւարտա­կան մրցումէն անմի­ջա­պէս ա­ռաջ, «Արսե­նալ»ի հա­մա­կիրնե­րը Պա­քուի մէջ երգե­ցին «Մենք Ղա­րա­բաղ ե­ղած ենք» եւ հի­մա «Պա­քու ենք, հոսկէ «Եուրո­փա»ի բա­ժա­կը տուն տա­նե­լու հա­մար»։ Յի­շեցնենք, որ «Արսե­նալ»ը աւարտա­կա­նի ճամբուն վրայ պարտութեան մատնած էր Ատրպէյճա­նի «Ղա­րա­բաղ» խումբը։ Մինչ այդ, անգլիա­կան «Տէյլի Մէյլ» թերթը կը գրէ, որ ԵՈՒԵՖԱն «Արսե­նալ» խումբին արգի­լեց Պա­քուի մէջ ո­րեւէ արշաւ կազմա­կերպել՝ իբրեւ զօ­րակցութիւն աւարտա­կա­նին մասնակցե­լու իր ի­րաւունքը կորսնցուցած Մխի­թա­րեա­նին։ Կը նշուի, որ խումբին անդամնե­րը քննարկած էին, թէ ինչպէ՞ս կա­րե­լի է ա­ջակցութիւն ցոյց տալ հայ միջնա­պա­հին. ո­րո­շուե­ցաւ մրցումէն ա­ռաջ կա­տա­րուե­լիք փորձե­րուն ընթացքին Մխի­թա­րեա­նի ա­նունով շա­պիկներ կրել։

Ատրպէյճա­նա­գէտ Անճե­լա Է­լի­պե­քո­վա կը գրէ, թէ մինչ Պա­քու հսկայ գումարներ կը ծախսէ իր մի­ջազգա­յին վարկը բա­րե­լաւե­լու հա­մար, Մխի­թա­րեա­նի հարցով ստեղծուած գայթակղութիւնը հա­րուած մը եւս հասցուց ա­նոր վարկին։ Ան կը շեշտէ, թէ մի­ջա­դէ­պը բա­ցա­յայտեց, որ լրջութեամբ կա­րե­լի չէ մօ­տե­նալ խա­ղա­ղութիւն հաստա­տե­լու մա­սին Պա­քուի յայտա­րա­րութիւննե­րուն, ո­րովհե­տեւ նոյնիսկ հայկա­կան ա­նուն ունե­ցողնե­րը չկրցան Պա­քու մուտք գործել Ատրպէյճա­նի հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նութեան իբրեւ հե­տեւանք։ «Ատրպէյճա­նի իշխա­նութիւննե­րը կը գի­տակցէին, որ պի­տի չկա­րե­նան Պա­քուի մէջ ե­րաշխաւո­րել հա­յե­րու ա­պա­հո­վութիւնը, ո­րովհե­տեւ ի­րենց ժո­ղո­վուրդը ա­տե­լութեամբ լե­ցուցած են հա­յե­րու դէմ», կ՛աւելցնէ ան։