Մ­խի­թար ­Հայ­րա­պե­տեան կ­՚ա­ռա­ջար­կէ «­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մի հան­գա­նա­կած գու­մար­նե­րուն մէկ մա­սը տրա­մադ­րել Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն

05 de junio de 2019

Ս­փիւռ­քի նախ­կին նա­խա­րար, ներ­կա­յիս՝ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի գի­տու­թեան, կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, սփիւռ­քի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մար­զան­քի հար­ցե­րու մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մ­խի­թար ­Հայ­րա­պե­տեան, վեր­ջերս, «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր-տնօ­րէն ­Հայ­կակ Ար­շա­մեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է հիմ­նադ­րա­մը ի­րա­պէ՛ս հա­մա­հայ­կա­կան դարձ­նե­լու մի­տող ա­ռա­ջարկ մը։ ­Հայ­րա­պե­տեա­նի ա­ռա­ջար­կը կը կա­յա­նայ ­Հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան թե­լե­թոն-դրա­մա­հա­ւա­քով հան­գա­նա­կո­ւած գու­մա­րին մէկ մա­սին Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու հզօ­րաց­ման տար­բեր ծրա­գիր­նե­րու տրա­մադր­ման մէջ։

Ըստ ­Հայ­րա­պե­տեա­նի՝ սա Ս­փիւռ­քի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ բո­լո­րո­վին նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լու ի­րենց նա­խընտ­րա­կան ծրագ­րի կէ­տե­րէն մէկն է, ո­րու շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տան կա­րե­ւո­րա­գոյն դեր կ­՚ու­նե­նայ Ս­փիւռ­քի բազ­մա­զան հա­մայնք­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հզօ­րաց­ման գոր­ծին մէջ, կ­՚ա­ջակ­ցի դժո­ւա­րու­թեան մէջ յայտ­նո­ւած­նե­րուն, կը լու­ծէ հրա­տապ խնդիր­նե­րը:

­Շա­րու­նա­կե­լով՝ Մ­խի­թար ­Հայ­րա­պե­տեան նշած է, որ ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր-տնօ­րէ­նին, Ա.Ժ.ի իր յանձ­նա­խում­բին եւ իր անձ­նա­կան պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ամ­բող­ջո­վին հա­մա­պա­տաս­խան են։ ­Կը հա­ղոր­դո­ւի, թէ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք կա­պի ա­ռող­ջաց­ման ուղ­ղո­ւած այս նոր քայ­լին Հ. Ար­շա­մեան ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նայ ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու ­Խոր­հուր­դի յա­ռա­ջի­կայ նիս­տին՝ ­Յու­նի­սին։