Սուրիահայ վարժարաններ

Մտորումներ վերամուտի առիթով

15 de septiembre de 2017

esuelas siriaԳանձասար.- Սուրիահայ վարժարաններու վերամուտի զանգը հնչեց ու աշխատանքի վերամշակելի դաշտ հրաւիրեց կրթական մշակները, տնօրէնները, պատասխանատու մարմիններն ու ծնողները:

Նոր էջ մը բացուեցաւ սուրիահայ վարժարաններու պատմութեան մէջ: Էջ մը, որուն վերնագիրը նորարարութիւնը, նորութիւն յառաջ բերող գործը պիտի ըլլայ անկասկած:

Կրթական մեր կեանքը քննական ակնոցով դիտելու առաջադրանքը մեզ կը պարտաւորեցնէ հայ վարժարանի եւ կրթական համակարգի ներկայ իրավիճակը լուսարձակի տակ բերել:

Բարեբախտաբար հայ վարժարանը պատերազմի քուրայէն ողջ-առողջ դուրս եկաւ ու փորձ քննութեան մէջ այս անգամ ալ յաջողեցաւ: Քանդուած շէնքերը կարճ ժամանակուան մէջ աշխոյժ թափով վերակառուցուիլ սկսան, ամայացած կարգ մը վարժարաններ հայ աշակերտներու դայլայլումով վերաշխուժացան:

Վեց տարի վախի ու սարսափի մթնոլորտին մէջ, մոմի լոյսին տակ, կենցաղային բազում դժուարութիւններու կուրծք տուող հայ աշակերտը իր ներաշխարհը հարստացնելու, աւելի լաւ, խաղաղ ու բեղուն կրթական կեանք մը սկսելու յոյսով կը դիմաւորէ այս վերամուտը:

Սուրիահայ վարժարաններուն համար կը սկսի վերանորոգումի կարեւոր փուլ մը ու որքան ամուր հիմերու վրայ հաստատուի նորը, այնքան խոստումնալից կը դառնայ վերանորոգումը:

Աշակերտութեան թիւի նուազումը, մարդուժի պակասը, ուսուցման ու մանաւանդ հայեցի դաստիարակութեան անհրապոյր ու դասական միջոցները մեր վարժարաններէն ներս նկատուող բացասական հիմնական երեւոյթներն են, որոնք, սակայն, անյաղթահարելի չեն:

Պատերազմէն դուրս գալը պատճառ ըլլալու է, որ մենք աւելի ինքնավստահ ու կազմակերպ սկսինք մեր նոր կեանքը, որովհետեւ վեց տարիներու կենաց մահու պայքարէն վերջ այնքան ոյժ կուտակած է մեր համայնքը, որուն շնորհիւ, բայց մանաւանդ առողջ ծրագրաւորումով ու հայատրոփ սրտով, կարելիութիւն ձեռք պիտի բերէ նոր որակով օժտելու մեր կրթական կառոյցները, ամրացնելու անոնց դերակատարութեան նկատմամբ իր հաւատքը ու ինքնակազմակերպումի աշխոյժ թափով սուրիահայ համայնքի զարթօնքին ծնունդ տալու:

Այդ զարթօնքը պէտք է ապրի նաեւ հայ դպրոցը՝ վերապատրաստելով նախ մարդուժը, ապա նաեւ արդիականացնելով ուսուցման ու վարչական աշխատանքներու իր կարելիութիւնները, վերանորոգուած շունչով լծուելու իր հիմնական առաքելութեան՝ հայեցի դաստիարակութեան գործին: Շէնքերու նորոգութեան կողքին անոնց մէջ տարուող գործի որակին մասին պէտք է մտածենք անյապաղ: Այս պիտի ըլլայ յաջողութեան մեր միակ գրաւականը:

Եթէ նախապէս ուսուցիչներ կը դժգոհէին դասարաններու աշակերտութեան թիւէն, դիտել տալով որ մեծաթիւ աշակերտներու հետ դժուար է բծախնդիր աշխատանք տանիլ ու առանձնապէս խնամել իւրաքանչիւրը, այս շրջանին թիւը նուազած է, թիւին նուազումը որակի բարձրացումին կրնայ ծառայել:

Կրթական մարդուժի բացը կը մնայ հիմնական դժուարութիւնը. կարելի է այդ բացը ժամանակաւորապէս գոցել սակաւաթիւ ուսուցիչներով, սակայն մարդուժի պատրաստութիւնը խիստ կարեւոր է այս շրջանին: Մեր վարժարաններէն ներս երիտասարդ, նոր մտածելակերպով օժտուած, մանկավարժական գիտելիքներու եւ ուսուցման արդիական միջոցներու տիրապետող մարդուժի սուր կարիքը կայ այս օրերուն: Միւս կողմէ պետական համալսարաններուն մէջ շօշափելի թիւով յառաջադէմ ուսանողներ ունինք, որոնք երբեմն հեռու կը մնան լուսարձակներէ:

Այս բոլորը ի գործ դնելու համար, բնականաբար անհրաժեշտ է նիւթական կայունութիւն: Սակայն սուրիահայ համայնքը ունի այդ իսկ դժուարութիւնը յաղթահարելու ճկունութիւնն ու փորձը: Ծնողք-դպրոց գործակցութիւնն ալ բնականաբար պիտի ծառայէ այս դժուարութեան յաղթահարման: Ծնողները անհրաժեշտ է մասնակից դարձնել նաեւ դպրոցական կարգ մը աշխատանքներուն: Առանց միացեալ ճիգի, առանց հաւաքական մասնակցութեան հայ դպրոցը չի կրնար մնալ յառաջապահ դիրքի վրայ:

Այս բոլորին կողքին վերաշխուժացման կը կարօտին նաեւ արտադպրոցական մշակութային աշխատանքները, որոնք նոյնքան կարեւոր են հայ աշակերտը հայ մշակոյթի աշխարհ ուղղելու, հայերէնին գիտակ դարձնելու, հայախօս պահելու համար:

Վերամուտի այս օրերուն, կ՛ողջունենք հայ դաստիարակն ու աշակերտը եւ կը մաղթենք, որ մեր վարժարաններու երդիքին տակ, ներդաշնակ ճիգով եւ ոգեւորութեամբ արդիւնաւորուի ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջանը:
Վերամուտին նուիրուած խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը բարերար դեր կրնայ ունենալ այս շրջանին՝ միասնաբար խորհելու հայ դպրոցի ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին:

Բարի Վերամուտ: