Նազարէթ Պէրպէրեան

Յակոբ Պարոնեան (1843-1891). Հայու երգիծական հանճարին նահապետն ու անհասանելի գագաթը

09 de junio de 2018

Hagop BarounianՅու­նիս 8ի այս օ­րը, 127 տա­րի ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ մեծ մար­դու եւ նոյն­քան մեծ հա­յու պայ­ծա­ռա­գոյն դէմ­քեէն մէ­կը՝ ան­մահն Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան։

Ա­պա­ժամ եւ դժբախտ վախ­ճան մը ու­նե­ցաւ Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան։ ­Հիւ­ծախ­տով ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դա­ցած, ծայր աս­տի­ճան չքա­ւո­րու­թեան մատ­նո­ւած, կնոջ եւ եր­կու որ­դի­նե­րուն հետ լքո­ւած բո­լո­րէն եւ հի­ւան­դա­նո­ցի մը մոռ­ցո­ւած ան­կիւ­նը ծո­ւա­րած՝ ­Պա­րո­նեան առ­յա­ւէտ փա­կեց այն­քան սրա­տես ու խո­րա­թա­փանց իր աչ­քե­րը։

Բայց մեծն ­Պա­րո­նեան միայն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ կար­ճա­տեւ իր կեան­քով իսկ կրցաւ նո­ւա­ճել ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի գրա­կան հարս­տու­թիւն մը՝ մնա­յուն, այ­լեւ փա­ռա­հեղ տեղ գրա­ւե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին՝ հո­գիի՛ն մէջ։

Մեր ժո­ղո­վուր­դը այն­քա՜ն ա­պե­րախտ գտնո­ւե­ցաւ իր ա­րիա­գոյն եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­գոյն՝ հան­ճա­րեղ իր զաւ­կին հան­դէպ, որ ինչ­պէս ­Պա­րո­նեա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ­Մատ­թէոս Մա­մու­րեան կը գրէր իր մա­հո­ւան առ­թիւ՝ «­Մե­ռա՞ւ ­Պա­րո­նեան, բայց ինչ­պէ՞ս. գրե­թէ ա­նոք, ա­նօգ­նա­կան: ­Քա­նի՞ կրթա­սէրք ու ազ­գա­սէրք պա­տաս­խա­նե­ցին այն հրա­ւէ­րին, զոր նո­րա հի­ւան­դու­թեան մի­ջո­ցին գրե­ցին հայ թեր­թե­րը…։ Եւ ար­դա­րեւ ի՞նչ ը­րինք խեղ­ճին. ի՞նչ ը­րաւ ազգն հա­ւա­քա­բար իւր ա­րի զաւ­կին հա­մար. թաղ­ման հան­դէ­սը կա­տա­րեց եւ ո­րո­շեց միայն նպաստ հա­ւա­քել նո­րա որ­բոց հա­մար… չգտնո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին մը, ան­հատ մը, որ պսակ դնէր ան­մահ ­Պա­րո­նեա­նի վրայ, թէեւ նո­րա գոր­ծերն են իւր ան­թա­ռամ պսակ­ներն»:
Հա­յուն եր­գի­ծա­կան հան­ճա­րը մարմ­նա­ւո­րող ­Մե­ծու­թիւնն է ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան, որ ժա­մա­նակ­նե­րէն վեր կանգ­նած եւ ա­նանց ճշմար­տու­թիւն­ներ վեր­ծա­նող իր գրա­կա­նու­թեամբ՝ նաեւ հայ մտքի՛ Հս­կայ մը հան­դի­սա­ցաւ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան զար­թօն­քին մէջ, ընդ­հան­րա­կան թե­րու­թեանց խա­րա­զա­նու­մով եւ յո­ռի բար­քե­րու ան­հաշտ քննա­դա­տու­թեամբ, ինք­նասր­բագր­ման եւ զար­գաց­ման մե­ծակ­շիռ ներդ­րում կա­տա­րե­լով։

Որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան կեն­սա­յորդ եւ գու­նա­գեղ կը դառ­նան ­Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծան­քով յա­ւեր­ժա­ցած կեր­պար­ներն ու բար­քե­րը հայ կեան­քի, ինչ­պէս որ ի­րենց այժ­մէա­կան ի­մաստն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը շեշ­տեն ­Պա­րո­նեա­նի պաշտ­պա­նած գա­ղա­փար­ներն ու սկզբունք­նե­րը։

Հա­մո­զու­մի, սկզբուն­քայ­նու­թեան, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան եւ ան­կա­շառ ­Պայ­քա­րի գլխա­գիր ՄԱՐԴն է ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան։ Ան անխ­նայ ձաղ­կեց եւ սուր քննա­դա­տու­թեամբ մեր­կա­ցուց 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սու հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­րատ­նե­րը՝ հա­ւա­սա­րա­պէս ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ընդգր­կու­մով։ ­Դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, հա­լա­ծո­ւե­ցաւ եւ ծան­րա­գոյն թշո­ւա­ռու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ, բայց եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին սնա­փա­ռու­թեան եւ օ­տա­րա­մո­լու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հետ, քա­ղա­քա­ցիա­կան ստրկամ­տու­թեան եւ կեղծ ազ­գա­սի­րու­թեան հետ, խա­ւա­րամ­տու­թեան, քաղ­քե­նիու­թեան եւ դրա­մա­պաշ­տու­թեան հետ, ան­հա­տա­կան թէ ըն­տա­նե­կան՝ հա­սա­րա­կա­կան բա­րո­յա­կա­նի խա­թա­րում­նե­րուն հետ։

Ա­ւե­լի՛ն. թէեւ իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շեշ­տա­կի եւ ի­րա­պաշտ կնի­քը կրե­ցին Պա­րո­նեա­նի յա­ւեր­ժա­ցու­ցած «­Պաղ­տա­սար Աղ­բար»ն­ ու «Ա­բի­սո­ղոմ Ա­ղա»ն, «Ազ­գա­յին ջո­ջեր»ն­ ու «­Մե­ծա­պա­տիւ մու­րաց­կան­ներ»ը, կամ «­Հոս­հո­սի ձե­ռա­տետր»ի եւ «­Քա­ղա­քա­վա­րու­թեան վնաս­ներ»ու հե­րոս­ներն ու բար­քե­րը, այ­դու­հան­դերձ՝ այդ ա­մէ­նուն մէջ, իր սրա­տե­սու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փան­ցու­թեամբ, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան գտաւ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմտա­ւոր գան­ձա­րա­նին կտա­կեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ի­րա՛ւ ու մնա­յո՛ւն ճշմար­տու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ՝ մեր թե­րու­թիւն­ներն ու վէր­քե­րը լա­ցի փո­խա­րէն ծի­ծա­ղով դի­մագ­րա­ւե­լու եւ յաղ­թա­հա­րե­լու մե­ծա­գոյն ճշմար­տու­թիւ­նը։

Իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ 1870ա­կան եւ 1880ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու հայ ի­րա­կա­նու­թեան ի­րա՛ւ հա­յե­լին է ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի գրա­կան-հրաա­րա­կագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի եւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի մի­ջազ­գայ­նաց­ման այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ­Պա­րո­նեան նե­տո­ւե­ցաւ գրա­կան աս­պա­րէզ։ ­Հայ կեան­քի ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան եւ քննա­դա­տու­թեան, քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­տե­սու­թեան եւ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մի ան­կեղծ զի­նո­ւո­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Պա­րո­նեան, որ ազ­գո­վին մեր դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ըն­դա­ռա­ջե­լու ճշմա­րիտ ու­ղին հար­թեց՝ պայ­քա­րի ո­գի ներշն­չե­լով եւ փա­րի­սե­ցիու­թիւ­նը կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժե­լով, ա­րիւն եւ ոչ թէ ար­ցունք թա­փե­լով՝ յա­նուն ինք­նա­մաքր­ման դրօ­շը միշտ բարձր պար­զե­լով, ինչ­պէս որ պի­տի շեշ­տէր ա­ռի­թով մը.

«­Թո՛ղ ազ­գա­յին բա­նաս­տեղծ­ներ Եփ­րատն ու ­Տիգ­րիսն ­Հա­յաս­տա­նի եր­կու ա­չեր ներ­կա­յաց­նեն եւ լան, թո՛ղ պ. ­Չու­խա­ճեա­նին ալ ե­ղա­նակ­ներ յօ­րի­նել տան եւ ե­ղա­նա­կով լան. ես, պա­րոն­ներ, ես կը ծի­ծա­ղիմ եւ ծի­ծա­ղե­լու հա­մար ո՛չ ե­ղա­նա­կի կա­րօ­տու­թիւն ու­նիմ եւ ոչ դաշ­նա­կի։ ­Թե­րու­թիւն­նե­րու վրայ լալն թե­րու­թիւն­նե­րու մե­ծա­գոյնն է, խեղ­ճու­թեան վրայ ար­տա­սուք թա­փելն ա­պա­ցու­ցա­նել է, թէ ա­րիւն չու­նինք թա­փե­լու։ Ար­տա­սու­քը մա­նուկ­նե­րու եւ կի­նե­րու (մեծ մա­նուկ­նե­րու) բա­ժինն է. կ­’ա­ղա­չեմ, մի՛ դպիք ա­նոնց բա­ժի­նին»:

2 ­Նո­յեմ­բեր 1843ին Ադ­րիա­նու­պո­լիս (Է­տիր­նէ) ծնած, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան յա­տուկ ու­սում չու­նե­ցաւ։ Ա­ւար­տեց իր ծննդա­վայ­րի Ար­շա­կու­նեան վար­ժա­րա­նը, ուր ա­շա­կեր­տեց «­Պօ­ղոս վար­ժա­պե­տին»՝ հե­տա­գա­յի ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիար­քին։ 1857ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն յու­նա­կան դպրո­ցը, բայց տա­րի մը ետք՝ իր իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ հա­զիւ «յու­նա­րէ­նի դժո­ւա­րու­թիւ­նը սոր­ված», վերջ տո­ւաւ ու­սում­նա­կան կեան­քին ու նե­տո­ւե­ցաւ աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ։ 1863ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս եւ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բախ­տը փոր­ձեց տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ինք­նա­զար­գաց­ման կա­րե­ւոր տեղ տա­լով եւ ժա­մա­նակ յատ­կաց­նե­լով։ Ե­ղաւ հե­ռագ­րա­տան պաշ­տօ­նեայ, զբա­ղե­ցաւ հա­շո­ւա­պա­հու­թեամբ ու գրագ­րու­թեամբ, կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նեայ դար­ձաւ, նաեւ ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ ­Բայց ոչ մէկ գոր­ծի փա­րե­ցաւ այն բա­ւա­րա­րու­թեամբ, որ գտաւ մա­մու­լին ու հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան մէջ։

1872ին սկսաւ ­Պա­րո­նեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը, երբ եր­գի­ծա­կան «­Մե­ղու» թեր­թի ար­տօ­նա­տէր Յ. Ս­վա­ճեան իր եր­բեմ­նի աշ­խա­տա­կի­ցին՝ Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի վստա­հե­ցաւ թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։ 1874ին, օս­մա­նեան գրաքն­նու­թեան հետ իր ա­ռա­ջին դժո­ւա­րու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լով, ­Պա­րո­նեան իր խմբագ­րու­թեան յանձ­նո­ւած թեր­թին «­Մե­ղու» ա­նու­նը փո­խա­րի­նեց «­Թատ­րոն»ով, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թեան ե­րեք տա­րի­նե­րը (մին­չեւ 1877) զու­գա­դի­պե­ցան ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ­Պա­րո­նեա­նի տա­ղան­դը քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի մար­զին մէջ։ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­բե­րած դի­ւա­նա­գի­տա­կան նեն­գամ­տու­թիւ­նը, ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծադ­րած բռնու­թիւն­ներն ու ծա­ւա­լած հա­կա­հայ հա­լա­ծանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին կանգ­նած կղե­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դէն կտրո­ւած եւ ե­սա­պաշտ վար­քու­բար­քը, բո­լո­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն սրու­թեամբ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան ­Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ գոր­ծե­րուն մէջ, ո­րոնք լոյս տե­սան «­Թատ­րոն»ի յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րով՝ «Կս­միթ­ներ», «Ազ­գա­յին ջո­ջեր» եւ այլ ա­նուն­նե­րով։

1878ին, նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ­Պա­րո­նեան դադ­րե­ցուց «­Թատ­րոն»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, բայց շա­րու­նա­կեց մշա­կել եր­գի­ծա­կան նոր գոր­ծեր, ո­րոնք լոյս տե­սան ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն կամ ա­ռան­ձին պրակ­նե­րով։ ­Մին­չեւ 1884 եր­կա­րած այդ շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն ե­ղան «Պ­տոյտ մը ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ» եւ «­Ծի­ծաղ» գոր­ծե­րը, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քի եր­գի­ծա­կան քննա­դա­տու­թեան կող­քին՝ քա­ղա­քա­կան բուռն խա­րա­նու­մի են­թար­կե­ցին, այ­լա­բա­նա­կան պատ­կեր­նե­րով, օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ քայ­լերն ու ճնշում­նե­րը։

1884էն մին­չեւ 1888, ­Պա­րո­նեան ձեռ­նար­կեց «­Խի­կար» եր­գի­ծա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ ­Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, գրաքն­նու­թեան հետ ա­մէ­նօ­րեայ առ­ճա­կա­տու­մէն խու­սա­փե­լով, ­Պա­րո­նեան իր եր­գի­ծան­քին լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցուց հայ կեան­քի ըն­կե­րա­յին յո­ռի բար­քե­րուն, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան բա­րո­յա­կա­նի ան­կու­մին եւ ազ­գա­յին ա­ռողջ բնազդ­նե­րու խա­թար­ման վրայ։

Ան­հա­մե­մա­տօ­րէն բուռն ե­ղաւ «­Խի­կար»ի սուր քննա­դա­տու­թեան ար­ժա­նա­ցած շրջա­նակ­նե­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը։ ­Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռու­թեան մատ­նել Պա­րո­նեա­նի խայ­թող լե­զուն, բայց նիւ­թա­կան ճնշում­նե­րու տակ դար­ձեալ խա­փա­նո­ւե­ցաւ ­Պա­րո­նեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ այս ան­գամ այ­լեւս ընդ­միշտ։ ­Նաեւ՝ նիւ­թա­պէս ծայր աս­տի­ճան անձ­կու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ հայ եր­գի­ծա­կան գրա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիրն ու վար­պե­տը։ ­Քայ­քա­յո­ւե­ցաւ ա­նոր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը։ ­Բայց ­Պա­րո­նեան շա­րու­նա­կեց նոր է­ջե­րով հարս­տաց­նել իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Հիւ­ծախ­տը իր ա­ւե­րը գոր­ծեց եւ, 1891ի ­Յու­նիս 8ին, ­Հա­յու Եր­գի­ծա­կան ­Հան­ճա­րին անկրկ­նե­լի մարմ­նա­ւո­րու­մը՝ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը, սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ ձգե­լով իր սրա­տես ու խո­րա­թա­փանց հա­յեաց­քով շնչա­ւո­րո­ւած ան­կորն­չե­լի ճշմար­տու­թիւն­ներ։

Իր մա­հո­ւան 127րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած այս է­ջը կա­րե­լի չէ փա­կել՝ ա­ռանց յի­շա­տա­կե­լու, որ ­Պա­րո­նեան ու­նե­ցաւ «ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն» մը, հոծ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, գոր­ծա­ւոր դա­սա­կար­գի եւ ինչ­պէս նաեւ կարգ մը ա­մի­րա­նե­րու ու ջո­ջե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: Դամ­բա­նա­կա­նը կար­դաց ­Նար­պէյ Ար­քե­պիս­կո­պոս, որ «Ազ­գա­յին ջո­ջեր»ուն մէջ Պա­րո­նեա­նի սուր եր­գի­ծան­գին թի­րախ դար­ձած է: ­Մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Օր­թա­գիւ­ղի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, «մե­ռե­լոց այդ հան­դար­տիկ բնա­կա­րա­նին մէկ ան­կիւ­նը, տխուր ու մե­նա­ւոր»: ­Բայց նոյ­նիսկ տա­պա­նա­քար մը չկանգ­նե­ցաւ ա­նոր շի­րի­մին վրայ եւ շու­տով մոռ­ցո­ւե­ցաւ գե­րեզ­մա­նին ճշգրիտ վայրն ալ… Եւ տաս­նա­մեակ­ներ ետք, 1976ին, մտա­ւո­րա­կան եւ գրող ­Վահ­րամ ­Մա­վեան կոչ մը ստո­րագ­րեց հայ մա­մու­լին մէջ՝ դի­տել տա­լով, թէ «…ինչ­պէ՞ս 85 տա­րի ան­ցած է վրա­յէն եւ սե­րունդ­ներ ամ­բողջ — թա­ղա­կան, հո­գե­ւո­րա­կան, մտա­ւո­րա­կան, թա­տե­րա­սէր — ե­կած ու ան­ցած են, ա­ռանց հո­ղա­կոյ­տին վրայ տա­պա­նա­քար մը դնե­լու մա­սին մտա­ծե­լու՝ ա­նըմբռ­նե­լի է պար­զա­պէս: ­Հի­մա ար­դէն ան­տէր կոր­սո­ւած է հո­ղա­կոյտն ալ»։

Բայց ո՛չ, գե­րեզ­մա­նով թէ ա­ռանց գե­րեզ­մա­նի, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան իր անկրկ­նե­լի գրա­կա­նու­թեամբ յա­ւերժ կ­’ապ­րի հա­յոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբ­րեւ ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճած հայ եր­գի­ծագ­րու­թեան ան­հա­սա­նե­լի գա­գա­թը։

Չեն մեռ­նիր այն­քա՜ն պար­զու­թեամբ, սրա­տե­սու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փանց ի­մաս­տու­թեամբ, այ­լեւ ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան ա­րեամբ գրո­ւած ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի մտքե­րը.

— Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ սի­րե­լու հա­մար կ­’ապ­րինք, իսկ ծե­րու­թեան մէջ՝ ապ­րե­լու հա­մար կը սի­րենք:
— Ե­րի­տա­սարդ մը կար­ծե­լու չէ, որ հա­ճե­լի է, այլ կար­ծե­լու է, ինչ որ ճշմար­տու­թիւն է, որ­պէս­զի ու­րիշ­նե­րը իր վրայ չխնդաց­նէ:
— ­Գի­տուն ըլ­լա­լուն ա­մէ­նէն պար­կեշտ եւ ու­ղիղ ճամ­բան իւր տգի­տու­թիւնն ճանչ­նալն է:
— ­Գի­տու­թիւ­նը ժա­մա­ցոյ­ցի կը նմա­նի. զայն բա­նեց­նե­լու հա­մար միշտ լա­րել է պէտք:
— Չ­կայ մէ­կը, որ գի­տու­թիւն վա­ճա­ռող կա­տա­րեալ տգէ­տի մը ը­սէ.- «­Բա­րե­կամ, դուք բան մը չէք գի­տեր, քա­նի մը բա­րե­կամ­նե­րէդ քա­նի մը խօսք սոր­ված էք եւ զա­նոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ըն­կե­րու­թեան մէջ խօսք առ­նե­լու ի­րա­ւունք չու­նիք. հրա­մե­ցէ՛ք սե­նեա­կէն դուրս»:
— Օ­րէնք­նե­րը հաս­տա­տող­նե­րը այ­րերն են, իսկ բար­քեր հաս­տա­տող­նե­րը կի­ներն են:
— ­Շատ ան­գամ ո­չինչ չը­սող խօսք մը նշա­նա­ւոր մար­դու մը բեր­նէն ե­լած ըլ­լա­լուն հա­մար իբ­րեւ պատ­գամ կ­’ըն­դու­նո­ւի. եւ շատ ան­գամ նշա­նա­ւոր խօսք մը անն­շան մէ­կէ մը ը­սո­ւած ըլ­լա­լուն հա­մար կա­րե­ւո­րու­թեան չ­’առ­նո­ւիր:
— ­Մեծ ա­նո­ւանց ներ­քեւ յա­ճախ պզտիկ բա­ներ կը պա­հո­ւին:
— Ո՜վ շո­ղո­քոր­թու­թիւն… ա­մէն տա­րիք կը սի­րէ քեզ:
— ­Կեղծ բա­րե­կամ­նե­րը ա­րե­ւու ժա­մա­ցոյ­ցի կը նմա­նին. երբ օ­րը պայ­ծառ է՝ կը տես­նո­ւին, երբ ամ­պոտ է՝ չեն տես­նո­ւիր:
— Դժ­բախ­տա­բար, մեր ազ­գին մէջ շա­տե­րու բարձ­րա­նա­լու գաղտ­նի­քը բնա­կան օ­րէն­քով միայն կը լու­ծո­ւի. ­Ծան­րե­րը միշտ գետ­նա­քարշ կը մնան ու թե­թեւ­նե­րը վեր կ­’ել­լեն:
— ­Կար ժա­մա­նակ մը, ուր խա­ւա­րը լու­սոյ դէմ կր կ­ռո­ւէր, տգի­տու­թիւ­նը գի­տու­թեան դէմ, ան­ցեալն ա­պառ­նիին դէմ, հրա­մա­յա­կա­նը սահ­մա­նա­կա­նին դէմ, մի­սը բան­ջա­րե­ղէ­նի դէմ… Իսկ հի­մա ան­ցան այն ժա­մա­նակ­նե­րը. ա­նոնք ան­ցեալ են, մենք՝ ա­պառ­նին, ա­նոնք խա­ւար են, մենք լոյս… ա­նոնք միս են, մենք բան­ջա­րե­ղէն, ա­նոնք վա­րունգ են, մենք՝ խնձոր…
— ­Պար­զու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը այն­պի­սի գե­ղեց­կու­թիւն­ներ են, որ ա­մէն բա­նի մէջ կը փնտռո­ւին ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ: