Յայտնի են Ազգային Ժողովի նախագահին եւ մնայուն յանձնախումբերու նախագահներուն անունները

18 de mayo de 2017

Asamblea_presidenteՀայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի եւ խորհուրդի նիստէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ ՀՀԿ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին ՀՀԿ-ն առաջադրած է Գագիկ Մելիքեանի թեկնածութիւնը:

Շարմազանով ըսաւ, թէ կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի եւ խորհուրդի նիստերուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է Արա Բաբլոյեանի թեկնածութիւնը:

«Վաղը ՀՀԿ խմբակցութիւնը պիտի առաջարկէ փոփոխութիւններ կատարել Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին մէջ, ըստ որուն` Ազգային ժողովի մնայուն 12 յանձնախումբերը պիտի կրճատուին մինչեւ 9-ի: Այստեղ, ըստ Դոնթի բանաձեւի, մենք պիտի ունենանք 6 յանձնախումբի նախագահի անուն առաջարկելու իրաւունք: Այդ անուններն են` ֆինանսապիւտճէական յանձնախումբի նախագահ` Գագիկ Մինասեան, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ` Արմէն Աշոտեան, տնտեսական յանձնախումբի նախագահ` Խոսրով Յարութիւնեան, պետաիրաւական հարցերու յանձնախումբի նախագահ` Հրայր Թովմասեան, ներքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ` Կորիւն Նահապետեան, առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ` Յակոբ Յակոբեան», ըսաւ Շարմազանով:

Անոր խօսքով, այսօր, ըստ օրէնքի, հրաժարական պիտի տայ կառավարութիւնը, եւ ինչպէս նախապէս նշած էր ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ապա ՀՀԿ-ի վարչապետի թեկնածուն պիտի ըլլայ Կարէն Կարապետեանը, որ պիտի ձեւաւորէ կառավարութեան կազմը: Շարմազանով նշեց, որ նախարարներու առաջադրման հարց չէ  քննարկուած:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նախագահի եւ  տեղակալներու ընտրութիւնը: