Պերճ Արապեան/Ակոս

Յիշատակումներ ձօնուած Հրանդ Տինքի տարելիցին

19 de enero de 2018

hrant-dink-6+Ինչպէս նա­խորդ տա­րիներ այս տա­րի դար­ձեալ թեր­­թիս հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տինք զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով կը յի­­շատա­­կուի իր մա­­հուան 11-րդ տա­­րելի­­ցի առ­­թիւ։ Իս­­թանպու­­լի մէջ դար­­ձեալ հա­­ւաք պի­­տի կա­­յանայ իր սպան­­նուած տե­­ղի վրայ եւ ժա­­մը 15.00-ին ներ­­կայ գտնուող­­ներ յար­­գանքի տուրք պի­­տի մա­­տու­­ցեն Հրանդ Տին­­քի հա­­մար։

Այդ օր նման մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ եւ յար­­գանքի լռու­­թեան պա­­հեր պի­­տի կա­­յանայ գլխա­­ւորու­­թեամբ բա­­ցի Ան­­գա­­­րայէ Թուրքիոյ զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ։

Նոյն օր Ան­­գա­­­րայի մէջ պի­­տի կա­­յանայ ասու­­լիս մը «Հրանդ Տինք կ՚ապ­­րի ժո­­ղովուրդնե­­րու հա­­սարա­­կած պայ­­քա­­­րին մէջ» խո­­րագի­­րով։ Այս ասու­­լի­­­սին պի­­տի մաս­­նակցին ծա­­նօթ գիւ­­ղա­­­գիր Մկրտիչ Մար­­կո­­­սեան, բա­­նաս­­տեղծ եւ գոր­­ծիչ Մեհ­­մետ Էօզէր, Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Միթ­­հատ Սան­­ճար եւ Հիւ­­լիա Տե­­ւեճի։ Ան­­գա­­­րայի մէջ 20 Յու­­նուարին եւս ասու­­լիս մը կազ­­մա­­­կեր­­պուած է, որուն կը մաս­­նակցին իրա­­ւաբան Էր­­տալ Տո­­ղան, թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակից Պաս­­քըն Օրան, Ֆիք­­րեթ Պաշ­­քա­­­յա, Իս­­մա­­­յիլ Պե­­շիք­­ճի, Քա­­տիր Ճան­­կըզպայ, Թե­­մել Տե­­միրէր եւ Թիւ­­լայ Հա­­թիմօ­­ղուլլա­­րը։

21 Յու­­նուար Կի­­րակի օր, Իս­­թանպուլ Քա­­լամը­­շի մէջ ալ պի­­տի կա­­յանայ ֆութպո­­լի մրցա­­շարք մը, որ դար­­ձեալ ձօ­­նուած է Հրանդ Տին­­քի յի­­շատա­­կին։

Գեր­­մա­­­նիոյ մէջ այս տա­­րի եւս զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պուին Հրանդ Տին­­քը ար­­ժա­­­նի կեր­­պով ոգե­­կոչե­­լու հա­­մար։ այս առ­­թիւ Գեր­­մա­­­նիոյ Պա­­տըն Կու­­թենպերկ քա­­ղաքի հայ հա­­մայնքը 21 Յու­­նուար Կի­­րակի օր, ժա­­մը 13.00-ին Լու­­թե­­­րական եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Հո­­գեհանգստեան պա­­տարա­­գով մը կը յի­­շատա­­կէ Հրանդ Տին­­քը։ Այս մի­­ջոցա­­ռու­­մին ելոյթ պի­­տի ու­­նե­­­նայ նաեւ գեր­­մա­­­նահայ մտա­­ւորա­­կան Ռաֆ­­ֆի Քան­­դեան։

Համ­­պուրկի Սեն Փեթ­­րի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ 19 Յու­­նուարի երե­­կոյեան կա­­յանա­­լիք յի­­շատակ­­ման հան­­դէ­­­սին կը հո­­վանա­­ւորէ Ռո­­զա Լիւքսեմ­­պուրկ հիմ­­նարկը, Համ­­պուրկի ալե­­ւի միու­­թիւննե­­րը եւ Մի­­ջազ­­գա­­­յին ներ­­ման կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը։ Թուրքիայ-Գեր­­մա­­­նիա մշա­­կոյ­­թի ֆո­­րու­­մը 20 Յո­­նուա­­րին Քէօլ­­նի մէջ կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ նման բնոյ­­թով մի­­ջոցա­­ռում մը, որուն այս ան­­գամ կը մաս­­նակցին հան­­րա­­­ծանօթ վի­­պագիր Աս­­լը Էր­­տո­­­ղան, Ճեմ Էօզ­­տե­­­միր, Ռաֆ­­ֆի Քան­­դեան, Ճե­­լալ Պաշ­­լանկըչ, Կիւնթեր Վալ­­րաֆ եւ Ռա­­կըպ Զա­­րաքօ­­լու։Իսկ 19 Յու­­նուարին Նիւրնպեր­­կի մէջ ելոյթ կ՚ու­­նե­­­նան թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րէն Բագ­­րատ եւ Վար­­դան Էս­­դուգեան­­ներ, Շեհ­­պալ Շեն­­յուրթ, Հա­­պիպ Պեկ­­թաշ եւ Մա­­րիա Եահու­­թեան։

19 Յու­­նուարին դար­­ձեալ այս ան­­գամ Պեռ­­լի­­­նի Կոր­­քի թատ­­րո­­­նին մէջ կը կա­­յանայ «Հրանդ Տին­­քը ըմբռնել» խո­­րագի­­րով մի­­ջոցա­­ռում մը ծա­­նօթ լրագ­­րող Ճան Տիւնտա­­րի մաս­­նակցու­­թեամբ։ Այս մի­­ջոցառ­­ման կը մաս­­նակցին նաեւ փա­­րիզա­­հայ «Քո­­լեկ­­թիւ մեծ պա­­զար» եւ Պո­լիսէն ժա­մանած «Ոմանք» երաժշտական խումբերը։