Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպումին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման հարցը

13 de julio de 2017

Nalbandian-MammedyarovՀայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 11 յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Ռիչըրտ Հոկլընտի նախաձեռնութեամբ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

«Հանդիպումի ընթացքին շարունակուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման շուրջ քննարկումները:

«Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծեց շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով շեշտեց Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրումը:

«Եռանախագահները արտաքին գործոց նախարարներէն խնդրեցին նախագահներուն փոխանցել այս տարուան ընթացքին վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ իրենց առաջարկը:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը կատարելու սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ», կը նշէ նախարարութիւնը:

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Յայտարարութիւնը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այս տարուան աշնան այցելելու Հայաստան եւ Ազրպէյճան` երկու երկիրներու նախագահներու սպասուող հանդիպումէն ետք:

«Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին առաջարկուած է կատարել հերթական հանդիպումը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ: Ազրպէյճան տուած է իր համաձայնութիւնը այդ հանդիպումին համար», ըսած է Հաճիեւ:

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկին մասին պիտի զեկուցեն արտաքին գործոց նախարարները:

«Նախագահներու սպասուող հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այս տարուան աշնան այցելելու շրջան», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ալիեւ. «Կարելի Եղածին Չափ Արագ Պէտք Է Վերսկսին
Բովանդակալից Եւ Նոր Բանակցութիւնները»

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ կարելի եղածին չափ արագ պէտք է վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ առարկայական, նոր, բովանդակալից եւ շօշափելի բանակցութիւններ:

Այդ մասին Ալիեւ յայտարարած է 2017-ի առաջին կիսուն ընկերային-տնտեսական զարգացման արդիւնքներուն եւ յառաջիկայ խնդիրներուն նուիրուած կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Ազրպէյճանի նախագահը նշած է. «Ազրպէյճանական կողմը չէ ընդունած պայմաններ, իսկ բանակցային հոլովոյթը վերսկսած է առանց նախապայմաններու»:

«Այժմ հարցը այն է, որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է վերսկսին առարկայական, նոր, բովանդակալից եւ շօշափելի բանակցութիւնները», ընդգծած է Ալիեւ: