Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը յղած է «­Հան­րա­պե­տու­թեան Օր»ո­ւան տօ­նին առ­թիւ:

Նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան.- Այ­սօր լա­ւա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու­նինք ապ­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու սե­փա­կան հո­ղի վրայ

05 de junio de 2019

­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րեմ ­Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նի առ­թիւ:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր կը նշէ դա­րե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող իր պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման տօ­նը` հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քարն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը, ան­կոտ­րում ո­գիի յաղ­թա­նա­կը խորհր­դան­շող մեր ­Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը:
­Հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման, հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման ու կա­յաց­ման ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցած ու­ղին հե­րո­սա­կան է ու փա­ռա­ւոր` մեր կո­րուստ­նե­րը միայն ամ­րապն­դած են մեր ապ­րե­լու ձգտու­մը, մեր միտքն ուղ­ղո­ւած ե­ղած է ստեղ­ծե­լուն, մեր ու­ժը` խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լուն:
Ե­րախ­տա­պարտ ըլ­լանք բո­լոր այն մար­դոց, ո­րոնք 1918 թո­ւա­կա­նին կեր­տե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, 1920 թո­ւա­կա­նէն ի վեր` ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը, իսկ 1991 թո­ւա­կա­նին կրկին ծնունդ տո­ւին ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք շուրջ ե­րեք տաս­նա­մեակ պահ­պա­նած են ու կը պահ­պա­նեն զայն:
­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վումն ու կա­յուն զար­գա­ցու­մը հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեան խնդիր են: Իսկ հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րը կրնան լու­ծո­ւիլ միայն հա­մազ­գա­յին ջան­քե­րով` ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու Ս­փիւռ­քի ողջ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ նե­րու­ժը օգ­տա­գոր­ծե­լով:
­Մենք պէտք է ձե­ւա­ւո­րենք ­Միաս­նա­կան Ազ­գա­յին Օ­րա­կարգ` ընդ­հա­նուր կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող գե­րա­կայ խնդիր­նե­րով ու ա­ռաջ­նայ­նու­թիւն­նե­րով, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է ներգ­րա­ւո­ւած ըլ­լայ ընդ­հա­նուր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րող ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ:
Եւ այս ա­ռու­մով անգ­նա­հա­տե­լի է մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­մը: Այ­սօր ես ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կը դի­մեմ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րու մէջ ապ­րող մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին՝ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեամբ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ հա­մախմ­բո­ւե­լու կո­չով: Այ­սօր լա­ւա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու­նինք ապ­րե­լու ու զար­գա­նա­լու սե­փա­կան հո­ղի վրայ, ե­րա­զե­լու ու մտա­ծե­լու վա­ղո­ւան մա­սին, ամ­բող­ջաց­նե­լու ­Հայ­րե­նի­քը որ­պէս միաս­նա­կան գա­ղա­փար եւ որ­պէս զօ­րեղ ու կեն­սու­նակ պե­տա­կան միա­ւոր: ­Մենք չենք կրնար մե­զի թոյլ տալ բա­ւա­րա­րո­ւել մեր ձեռք­բե­րում­նե­րով, այ­սօր մենք պատ­մա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նինք բա­րե­լա­ւե­լու մեր եր­կի­րը, նպաս­տե­լու մեր հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման եւ, ա­ւե­լի քան եր­բեք, այ­սօր մենք կրնանք եւ պար­տա­ւոր ենք միաս­նա­բար` ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի ե­ռա­պա­տիկ ուժն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ծա­ռա­յեց­նել ­Հա­յաս­տա­նին:
Շ­նոր­հա­ւոր բո­լո­րիս տօ­նը ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ: ­Խա­ղա­ղու­թիւն, յաղ­թա­նակ ու յա­ջո­ղու­թիւն բո­լո­րիս ու իւ­րա­քան­չիւ­րիս, մեր երկ­րին, մեր ժո­ղովր­դին, իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի, իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի։ Վս­տահ եմ, որ մեր պե­տա­կա­նու­թեան գա­լիք հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը պի­տի ար­ձա­նագ­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նու­թեամբ ու ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տան­քով ձեռք բե­րո­ւած նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներն ու յաղ­թա­նակ­նե­րը:

Աս­տո­ւած բո­լո­րիս պա­հա­պան»: