Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալեց ՀՅԴի Ներկայացուցիչները

28 de mayo de 2019

Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նա­խա­գահ Արմէն Սարգսեան Մա­յիս 27ին հիւրընկա­լեց ՀՅԴ-ի պա­տուի­րա­կութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեա­նի եւ ՀՅԴ Գե­րա­գոյն Մարմնի ներկա­յա­ցուցիչ Իշխան Սա­ղա­թէ­լեա­նի գլխաւո­րութեամբ. այս մա­սին կը տե­ղե­կացնէ նա­խա­գա­հի աշխա­տա­կազմի լրա­տուա­կան ծա­ռա­յութիւնը:
Հանդիպման հիւրե­րուն խնդրանքով անդրա­դարձ կա­տա­րուած է նա­խա­գահ Արմէն Սարգսեա­նի նա­խա­ձեռնութեամբ յա­ռա­ջի­կա­յին մեր երկրին մէջ կա­յա­նա­լիք հա­յաստա­նեան «Մտքե­րու վե­հա­ժո­ղո­վին» (Summit of Minds), որ պի­տի հա­մախմբէ աշխարհի յայտնի վերլուծա­կան կեդրոննե­րու, նախկին ու ներկայ պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գործիչնե­րու, բարձր գի­տա­րուեստի ո­լորտի աշխարհահռչակ ընկե­րութիւննե­րու ներկա­յա­ցուցիչներ:
Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեան ողջունած է նման հե­ղի­նա­կաւոր մի­ջո­ցա­ռում Հա­յաստա­նի մէջ կա­յա­նա­լու նա­խա­ձեռնութիւնը: Նա­խա­գահ Սարգսեան մանրա­մասնութիւններ ներկա­յա­ցուցած է վե­հա­ժո­ղո­վի աշխա­տանքնե­րուն եւ կազմա­կերպիչնե­րուն հետ հա­մա­գործակցութեան հե­ռանկարնե­րուն մա­սին:
Ան նաեւ անդրա­դարձած է նա­խա­գա­հա­կան միւս նա­խա­ձեռնութիւննե­րուն, ո­րոնք կո­չուած են նպաստե­լու մասնաւո­րա­պէս բարձր գի­տա­րուեստի, գի­տութեան, կրթութեան եւ այլ ո­լորտնե­րու մէջ աշխարհի ա­ռա­ջա­տար ընկե­րութիւննե­րու հետ հա­մա­գործակցութեան հաստատման:
Զրուցա­կիցնե­րը խօ­սած են նաեւ հա­մա­հայկա­կան օ­րա­կարգի տարբեր խնդիրնե­րու մա­սին: Նշուած է, որ բո­լոր քայլե­րը պէտք է ուղղուած ըլլան ուժեղ, զարգա­ցած, պաշտպա­նուած եւ օ­րէնքնե­րով ա­ռաջնորդուող երկիր կա­ռուցե­լուն: Այդ մի­ջո­ցին կա­րեւոր նկա­տուած է խոր յարգանքը պե­տա­կան հաստա­տութիւննե­րուն հանդէպ:
Նշե­լով որ երկրին մէջ տա­կաւին բազմա­թիւ խնդիրներ եւ ը­նե­լիքներ կան՝ հանդիպման մասնա­կիցնե­րը ընդգծած են տարբեր ո­լորտնե­րու մէջ փո­փո­խութիւննե­րու եւ բա­րե­փո­խումնե­րու անհրա­ժեշտութիւնը: Միա­ժա­մա­նակ, հա­մա­կարծիք ե­ղած են, որ ա­նոնք պէտք է ի­րա­կա­նա­ցուին հանդուրժո­ղա­կա­նութեան ու հա­մե­րաշխութեան մթնո­լորտի մէջ:
Զրուցա­կիցնե­րը պատրաստա­կա­մութիւն յայտնած են հա­մա­գործակցե­լու հա­մա­հայկա­կան տարբեր ծրա­գիրնե­րու շուրջ: