Նախագահ Սարգսեան

“Նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ քննարկեցինք հարցերու լայն շրջանակ”

16 de octubre de 2018

Bako-Sahakian_Armen-Sarkisian_«Չէի ուզեր Արցախ իմ այցելութիւնս առանձնացնել իբրեւ հերթական պաշտօնական այցելութիւն». այս մասին  Շուշիի կերպարուեստի թանգարան կատարած այցելութեան «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Արցախ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ: «Խօսեցանք Արցախի ներքաղաքական կեանքի, սահմանին տիրող իրավիճակի, ինչպէս նաեւ գործնական բազմաթիւ խնդիրներու մասին: Անդրադարձանք նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան: Ոեւէ մէկը չի կրնար թերագնահատել այդ կառոյցի տարիներու աշխատանքը: Կ՛ակնկալենք, որ հիմնադրամը շարունակէ ո՛չ միայն լաւ գործել, այլեւ ապահովէ նոր որակ: Իբրեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ` ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ կարճ ժամանակի մէջ նոր գործադիր տնօրէնին գլխաւորութեամբ կառոյցը մշակէ ծրագիր, որուն  շնորհիւ հիմնադրամի աշխատանքները հասցնենք աւելի բարձր մակարդակի, որ պիտի նպաստէ քանի մը ամիսներու խափանուած գործունէութիւնը վերականգնելուն», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

«Ամէն անգամ Արցախ գալով` ես զայն կը բացայայտեմ նորովի: Ինչ որ իմաստով ես տուն կու գամ: Այս անգամ այցելած եմ կնոջս հետ եւ մասնակցած Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Բերքի տօն»-ին: Ես այստեղ ո՛չ միայն տեսայ աշխատաւոր մարդու վաստկածը, այլեւ համտեսեցի արցախեան բերք ու բարիքը», նշած է նախագահ Սարգսեան: