Նա­խա­գահ Սա­հա­կեան. “2020-ը Արցա­խի հա­մար պի­տի ըլլայ նաեւ քա­ղա­քա­կան գործընթացնե­րով հա­րուստ տա­րի”

07 de enero de 2020

Արցա­խի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան յղեց շնորհաւո­րա­կան ուղերձ մը Նոր տա­րուան ա­ռի­թով` հաստա­տե­լով, որ բո­լորս նոր յոյսե­րով, բա­րի ցանկութիւննե­րով եւ ակնկա­լութիւննե­րով կը դի­մաւո­րենք 2020 թուա­կա­նը:
“Բնա­կան է, որ մեր ժո­ղո­վուրդը ա­ռա­ջին հերթին կը ցանկայ խա­ղա­ղութիւն, ապրիլ, ա­րա­րել, ստեղծա­գործել, շէ­նացնել, զարգացնել ու զօ­րացնել հա­րա­զատ երկի­րը: Մեզմէ իւրա­քանչիւրը կ՛ուզէ երջա­նիկ ու ա­ռողջ տեսնել իր հա­րա­զատներն ու բա­րե­կամնե­րը:

Այս ա­մէ­նը ի­րա­կա­նութիւն դարձնե­լու կա­րեւո­րա­գոյն գրաւա­կա­նը մեր յաղթա­կան պաշտպա­նութեան բա­նակն է, ո­րուն քաջ զի­նուորներն ու հրա­մա­նա­տարնե­րը ա­մէն վայրկեան, այդ կարգին նաեւ այս պա­հուն կանգնած են դիրքե­րուն վրայ եւ խրա­մատնե­րուն մէջ, կ՛ա­պա­հո­վեն մեր պե­տութեան ու հայրե­նի­քի անվտանգութիւնը եւ անկա­խութիւնը, ա­նոր սահմաննե­րուն ա­նա­ռի­կութիւնը:

Կ՛ուզեմ յի­շել բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք նա­հա­տա­կուած են հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան հա­մար, ո­րոնք այսօր ֆի­զի­քա­պէս ներկայ չեն ի­րենց օ­ճախնե­րուն եւ ընտա­նիքնե­րուն մէջ: Թող Աստուած լուսաւո­րէ մեր բո­լոր նա­հա­տակնե­րուն հո­գի­նե­րը”, նշեց նա­խա­գա­հը:

Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան յայտնեց, որ 2019-ը, ընդհա­նուր առմամբ, յա­ջող տա­րի էր Արցա­խի ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան զարգացման տե­սանկիւնէն: Գրե­թէ բո­լոր ո­լորտնե­րուն մէջ պահպա­նուած է վերջին տա­րի­նե­րուն արձա­նագրուած զարգացման թա­փը:

“Բնա­կան է` կան նաեւ շատ ա­նե­լիքներ: Գա­լիք տա­րուան ընթացքին մեր ժո­ղո­վուրդի բա­րե­կե­ցութեան աստի­ճա­նի բարձրացման ուղղութեամբ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին շարք մը կա­րեւոր ծրա­գիրներ բնա­կա­րա­նա­շի­նութեան, գիւղատնտե­սութեան, ա­ռողջա­պա­հութեան, կրթութեան ու գի­տութեան, մշա­կոյթի, ենթա­կա­ռուցուածքնե­րու եւ այլ ո­լորտնե­րու մէջ: 2020-ը Արցա­խի հա­մար պի­տի ըլլայ նաեւ քա­ղա­քա­կան գործընթացնե­րով հա­րուստ տա­րի, տե­ղի պի­տի ունե­նան հա­մա­պե­տա­կան նշա­նա­կութեան ի­րա­դարձութիւններ, մասնաւո­րա­պէս` նա­խա­գա­հա­կան եւ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւններ, պի­տի ընտրուին նոր նա­խա­գահ եւ Ազգա­յին ժո­ղով: