Նախագահ Սարգսեան ընդունած է Արցախի Բարեկամներու Համաժողովի Լատինական Ամերիկայի պատուիրակութիւնը

15 de octubre de 2019

Նա­խա­գահ Սարգսեան Ընդունած Է Արցա­խի Բա­րե­կամնե­րու Հա­մա­ժո­ղո­վի Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի Պա­տուի­րա­կութիւնՀա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նա­խա­գահ Արմէն Սարգսեան 9 հոկտեմբե­րին ընդունեց «Հա­մա­գործակցութիւն յա­նուն արդա­րութեան եւ խա­ղա­ղութեան» խո­րա­գի­րով Արցա­խի բա­րե­կամնե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի պա­տուի­րա­կութիւնը` Ընկերվար մի­ջազգայնա­կա­նին մօտ ՀՅԴ-ի ներկա­յա­ցուցիչ, ՀՅԴ Բիւրո­յի նախկին անդամ Մա­րիօ Նալպանտեա­նի գլխաւո­րութեամբ:
Մ. Նալպանտեան տե­ղե­կա­ցուց, որ պա­տուի­րա­կութեան մաս կը կազմեն Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի տարբեր երկիրնե­րէ ճանչցուած անձնաւո­րութիւններ` խորհրդա­րա­նա­կաններ, նախկին դիւա­նա­գէտներ, հա­սա­րա­կա­կան գործիչներ, ո­րոնք Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի հետ յա­րա­բե­րութիւննե­րու զարգացման ջա­տա­գովներ են: Խօ­սե­լով Ստե­փա­նա­կերտի մէջ յա­ռա­ջի­կա­յին տե­ղի ունե­նա­լիք հա­մա­ժո­ղո­վին մա­սին` ան նշեց, որ Արցա­խի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կազմա­կերպուե­լիք հա­մա­ժո­ղո­վին նպա­տա­կը Արցա­խի հետ մի­ջազգա­յին կա­պե­րու զարգա­ցումն է:
Նա­խա­գահ Սարգսեան ողջունեց Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի բա­րե­կամ երկիրնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն Հա­յաստան եւ Արցախ այցե­լութիւնը` շնորհա­կա­լութիւն յայտնե­լով երկու երկիրնե­րուն ի նպաստ ա­նոնց գործունէութեան հա­մար: «Ուրախ եմ, որ ձեր այցե­լութիւնը կա­պուած է Արցա­խի հետ: Բարձր կը գնա­հա­տեմ ձեր վե­րա­բերմունքը Արցա­խի նկատմամբ», նշեց հանրա­պե­տութեան նա­խա­գա­հը` արդիւնաւէտ աշխա­տանք մաղթե­լով արցա­խեան հա­մա­ժո­ղո­վին:
Հանդիպման մասնա­կից հա­մա­ժո­ղո­վի պա­տուի­րակնե­րը նշե­ցին, որ զի­րենք կը միաւո­րէ հիացմունքն ու սէ­րը Հա­յաստա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուրդին նկատմամբ: Ա­նոնք պատրաստա­կա­մութիւն յայտնե­ցին ասկէ ետք եւս շա­րունա­կե­լու աշխուժ ջանքե­րը` ի շահ Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի: