Նախագահ Սարգսեան. “ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը վերածուած է Հայաստանի կառավարութեան վստահելի գործընկերոջ”

02 de febrero de 2018

Serge-ONU1 փետրուարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն` Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց Պուզեթթոյի պաշտօնավարման անցնող հինգ տարիներուն ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներու եւ յատկապէս Զարգացման ծրագիրին հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը: Նախագահը` փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան առումով, այդ ժամանակաշրջանը բաւական յաջողած նկատած է: Տարբեր մարզերու մէջ իրականացուած ծաւալուն աշխատանքներուն մէջ նախագահը ընդգծած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողին անձնական ներդրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր` մաղթելով յաջողութիւն անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն:

«Այս տարիներուն ընթացքին ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը դարձած է Հայաստանի կառավարութեան վստահելի եւ արդիւնաւէտ գործընկերը: Յաջողութեամբ պսակուած ծրագիրներէն կ’ուզեմ յիշել մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ տեղակայուած անցակէտերուն արդիականացման ծրագիրը, որուն շնորհիւ մենք ունինք բոլոր չափանիշներուն համապատասխանող սահմանային անցակէտեր: Ի հարկէ, ուրախ եմ, որ Մեղրիի արդիականացման ծրագիրն ալ ընթացք առած է, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ որոշ ժամանակ ետք սահմանային անցակէտերու արդիականացման խնդիրը ամբողջովին լուծուած նկատելու: Ես շատ բարձր կը գնահատեմ Զարգացման ծրագիրին մասնակցութիւնը մեր ընտրական հոլովոյթներուն մէջ:

«Այդ թեքնիք միջոցներու ներդրումը, կը կարծեմ, շատ մեծ եւ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ: Վստահաբար, շատ ուրախ եմ այն ծրագիրին համար, որ կը կատարէք սահմանամերձ Տաւուշի մարզի գիւղերուն մէջ` խոցելի համայնքներու կայուն զարգացման նպատակով: Կ’ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրին համար», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի նոր մնայուն համակարգողը իր գործին մէջ պիտի ցուցաբերէ նոյնքան եռանդ եւ նուիրուածութիւն, որքան Պրետլի Պուզեթթոն` աւելի խորացնելով ՄԱԿ-ի հետ Հայաստանի գործընկերային յարաբերութիւնները:

Պրետլի Պուզեթթոն մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն նկատեց աշխատիլ Հայաստանի մէջ եւ իրականացնել հանրապետութեան նախագահին նշած ծրագիրները, որոնք օգտակար եղած են Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն:

«Յոյսով եմ, որ ձեւաւորուած վստահութեան շնորհիւ հետագային եւս ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ հանդէս գալ իբրեւ կառոյց մը, որուն Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի կարենայ դիմել օրակարգային հարցերով, որոնք կը պահանջեն համաշխարհային փորձառութիւն ունեցող անկողմնակալ գործընկեր:

«Բացի ատկէ, յոյսով եմ, որ մենք կրցած ենք օգնել Հայաստանին աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալու ՄԱԿ-ի ընտանիքին մէջ` Նիւ Եորքի մէջ ներկայացնելով Հայաստանը` իբրեւ նորարարութիւններու երկիր, ձեռներէցութեամբ եւ գործարարութեամբ զբաղելու երկիր, երկիր մը, ուր կարելի է այցելել նաեւ իբրեւ զբօսաշրջիկ», ըսաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն եւ վստահեցուց, որ Հայաստանի մէջ անցուցած տարիները միշտ պիտի մնան իր յիշողութիւններուն մէջ, որոնք շատ տպաւորիչ են եւ յուզական: Հանդիպումի աւարտին Պրետլի Պուզեթթօ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն մաղթեց Հայաստանին եւ ամբողջ շրջանին: