Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Արցախի մէջ. “Մենք կրնանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը”

04 de diciembre de 2017

serge-1Արցախի Հանրապետութիւն տրուած աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը` 2 դեկտեմբերին, հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմերու  ներկայացուցիչներուն հետ դիտած է Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան հատուածին մէջ պաշտպանութեան բանակի համահաւաք զօրախումբին կողմէ կազմակերպուած  ռազմափորձերը, խրախուսած զինուորները:

Նոյն օրը, հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է  զօրամասերէն մէկուն մէջ նորակառոյց ճաշարանի, այլ զօրամասի մը զօրանոցի եւ զինուորներու համար բազմաբնակարանանոց բնակելի շէնքի բացման արարողութիւններուն, բարեխիղճ եւ գերազանց ծառայութեան համար պարգեւատրած զօրամասի լաւագոյն սպաները, պայմանագրային եւ ժամկէտային զինուորները:

«Ամուր պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ջանք, եռանդ, քրտնաջան աշխատանք, որոնք ի վերջոյ եւ իւրաքանչիւրս կը հասցնեն բարձր արհեստավարժութեան: Ժամանակակից զինուած ուժեր` չի նշանակեր միայն արդիական սպառազինութիւն, այլ նաեւ կը նշանակէ ունակութիւն, որ թոյլ կու տայ այդ սպառազինութիւնը կիրարկել ժամանակին եւ ամբողջ հզօրութեամբ: Շնորհակալ եմ ձեզի: Այսօրուան ռազմափորձերը ապացուցեցին ձեր ունակութիւնը: Հաւատացէ՛ք, որ դուք այսպիսով կը պատասխանէք բոլոր անոնց, որոնք  ցանկութիւնը ունին մեր հայրենիքը մեզմէ խլելու, որոնք կը փորձեն իրենք զիրենք հզօր ցոյց տալ եւ բան մը պոկել մեզմէ: Ժողովուրդները կրնան իրենց հայրենիքը պաշտպանել, եթէ անոնց մէջ ձեր տեսակը կը գերակշռէ: Մենք կրնանք պաշտպանել եւ պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը, մենք կրնանք պաշտպանել եւ պիտի պաշտպանենք մեր հայրենիքը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ծնողներուն, ձեր ուսուցիչներուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են ձեր կայացման գործին մէջ», ըսած է նախագահ Սարգսեանը` մաղթելով զինուորներուն բարի ծառայութիւն եւ հպարտ կեցուածք: