Նախարարի հրաժարականի պահանջը կը մնայ ուժի մէջ

26 de noviembre de 2019

Հա­յաստա­նի կրթութեան, գի­տութեան, մշա­կոյթի եւ մարմնակրթութեան նա­խա­րա­րութեան շէնքին առջեւ 22 նո­յեմբե­րին տե­ղի ունե­ցաւ նա­խա­րար Ա­րա­յիկ Յա­րութիւնեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը պա­հանջող նա­խա­ձեռնող խումբի մամլոյ ա­սուլի­սը:
«Ա­ռաւօտ»-էն Գո­հար Յա­կո­բեան կը գրէ, թէ 16-րդ օրն է, որ կը շա­րունա­կուի դաշնակցա­կան ե­րի­տա­սարդնե­րու նստա­ցոյցը, եւ ա­նոնք քնա­պարկե­րով կը շա­րունա­կեն գի­շե­րել նա­խա­րա­րութեան շէնքին մօտ: Ջերմաստի­ճա­նը` -3: Քա­նի մը օր ա­ռաջ ե­րի­տա­սարդնե­րուն բե­րած վա­ռա­րա­նը ոստի­կա­նութիւնը հե­ռա­ցուցած է, քա­նի որ ա­նոնք քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն յա­տուկ արտօ­նութիւն չունէին:
ՀՅԴ Հա­յաստա­նի ե­րի­տա­սարդա­կան միութեան անդամ Քրիստի­նէ Վարդա­նեան ը­սաւ, որ բազմա­թիւ փորձեր կա­տա­րուե­ցան նե­ղացնե­լու ի­րենց պա­հանջը, իբր թէ ա­նի­կա կա­պուած է միայն հա­մալսա­րա­նա­կան ծրա­գիրնե­րու, ֆի­նանսաւո­րումնե­րու հետ, մինչդեռ, ա­նոր հա­մա­ձայն, ի­րենց պա­հանջը ձեւա­կերպուած է` հա­շուի առնե­լով կրթութեան, գի­տութեան, մշա­կոյթի եւ մարմնակրթութեան նա­խա­րա­րութեան մէ­կուկէս տա­րուան քա­ղա­քա­կա­նութիւնը եւ նա­խա­րա­րութեան այն գե­ղա­գի­տա­կան փո­փո­խութիւննե­րը, ո­րոնք վե­րա­ծուած են հա­յա­գի­տա­կան նիւթե­րուն դէմ պայքա­րի` հա­մալսա­րաննե­րուն եւ դպրոցնե­րուն մէջ: «Ինքզինք յե­ղա­փո­խա­կան հռչա­կած իշխա­նութիւնը քայլ չէ կա­տա­րած ո­լորտին մէջ առկայ խնդիրնե­րը լուծե­լու հա­մար, չէ անդրա­դարձած խորքա­յին խնդիրնե­րու», ը­սաւ Քրիստի­նէ Վարդա­նեան:
Ան անդրա­դարձաւ նաեւ դպրո­ցին մէջ Հայ ե­կե­ղեցւոյ պատմութիւն ա­ռարկան հա­նե­լուն եւ իր ձեւա­կերպումով, նեղ խումբի մը ճա­շա­կը սպա­սարկող մի­ջո­ցա­ռումնե­րու ֆի­նանսաւո­րում յատկացնե­լուն:
ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրո­նա­կան վարչութեան անդամ Գոռ Սարգսեան յի­շե­ցուց, որ ի­րենց գործո­ղութիւննե­րը սկսած են 6 նո­յեմբե­րին` արկղեր բե­րե­լով, որ նա­խա­րա­րը ի­րե­րը հաւա­քէ, սա­կայն ի­րենց ցոյցին հե­տեւած է Ա­րա­յիկ Յա­րութիւնեա­նի ֆէյսպուքեան գրա­ռումը, ո­րով, ե­րի­տա­սարդին հա­մա­ձայն, նա­խա­րա­րը վի­րաւո­րած է նա­խա­րա­րութեան դաշնակցա­կան աշխա­տա­կիցնե­րը: «Նա­խա­րա­րին կարծի­քով, ինքը միայն իր գա­ղա­փա­րա­կիցնե­րու նա­խա­րարն է, իսկ մենք այդպէս չենք կարծեր», ը­սաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրո­նա­կան վարչութեան անդա­մը: Ա­պա ան յի­շե­ցուց, որ 21 երկիրնե­րու դաշնակցա­կաններ անդրա­դարձած են նա­խա­րա­րի «ներսի» եւ «դուրսի» դաշնակցա­կաններ արտա­յայտութեան: Անդրա­դարձաւ նաեւ նա­խա­րա­րի Պրիւքսե­լի մէջ կա­տա­րած այն յայտա­րա­րութեան, որ դաշնակցա­կաննե­րու իշխա­նութեան օ­րով տե­ղի ունե­ցած են մարտի 1-ը, հոկտեմբե­րի 27-ը: «Միայն այս փաստը կը վկա­յէ, որ պատմութեան ա­ռարկան պէտք է պարտա­դիր ըլլայ հա­մալսա­րաննե­րուն մէջ», նշեց ան:
Ե­րի­տա­սարդնե­րը կոչ ուղղե­ցին խորհրդա­րա­նա­կան կուսակցութիւննե­րուն երկրի թիւ 1 ամպիո­նէն եւս անդրա­դառնա­լու կրթութեան, գի­տութեան, մշա­կոյթի եւ մարմնակրթութեան նա­խա­րա­րութեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նութեան:
Քրիստի­նէ Վարդա­նեան ը­սաւ, որ կ՛ուզեն, որ կրթութեան, գի­տութեան, մշա­կոյթի եւ մարմնակրթութեան նա­խա­րա­րութիւնը հրա­պա­րա­կէ իր քա­ղա­քա­կա­նութիւնը եւ ա­ռաջնա­հերթութիւննե­րը, ո­րոնցմով կ՛ա­ռաջնորդուի, կը պա­հանջեն, որ հա­յա­գի­տա­կա­նի նիւթե­րը պարտա­դիր բա­ղադրի­չով դա­սաւանդուին հա­մալսա­րա­նա­կան ծրա­գի­րին մէջ, իսկ դպրո­ցէն չհա­նուի Հայ ե­կե­ղեցւոյ պատմութիւն նիւթը:
Ե­րի­տա­սարդնե­րը յայտնե­ցին, որ այս պա­հանջնե­րուն շուրջ պատրաստ են հրա­պա­րա­կա­յին քննարկում ի­րա­կա­նացնե­լու նա­խա­րա­րին հետ, եւ երկուշաբթի օ­րուը­նէ այլեւս նստա­ցոյցի կա­րիք չկայ: Ը­սին նաեւ, որ կա­տա­րած են հրա­պա­րա­կա­յին հանդիպման ա­ռա­ջարկ եւ կը սպա­սեն ա­նոր ի­րա­կա­նացման: Իսկ ա­նոնց հե­տա­գայ քայլե­րը կա­խեալ պի­տի ըլլան հանդիպման արդիւնքնե­րէն: Դաշնակցա­կան ե­րի­տա­սարդնե­րը յա­տուկ ընդգծե­ցին, որ նա­խա­րա­րի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հանջը կը շա­րունա­կէ մնալ ուժի մէջ: