Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը հանդիպում ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի հետ

07 de marzo de 2018

Levon-Meguerdichian-LyonՀայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ  Երեւան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի նախագահ Ժան-Մարք Լավեսթը, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան այլ պատասխանատուներ:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդգծած է, որ մեծ պատիւ է հիւրընկալել Լիոնի հայազգի քաղաքապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, քանի որ առկայ հայ-ֆրանսական կրթական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Լիոնի մասնակցութիւնը` ի դէմս Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի` գործնական երաշխիք ունի:

Անդրադառնալով հանրակրթութեան մարզին մէջ ֆրանսերէնի դասաւանդման` նախարար Լ. Մկրտչեան նշած է, որ Երեւանի եւ հանրապետութեան 5 մարզերու թիւով 10 դպրոցներու մէջ ներդրուած է ֆրանսերէնի իբրեւ օտար լեզուի ուսումնասիրման խորացուած ծրագիրը: Նախարարին համաձայն, այժմ նպատակ կայ ընդլայնել այդ ծրագիրը եւ նմանատիպ դպրոցներ բանալ հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ` ձեւաւորելով ֆրանսական ուսուցման եւ քաղաքակրթութեան իւրայատուկ կեդրոններ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ կրթութեան բնագաւառին մէջ առկայ կայուն եւ երկարատեւ համագործակցութեան համար` Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան շեշտած է, որ ժամանակն է այդ յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու: «Այսօր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ լուրջ խնդիր է ինչպէ՛ս ապահովել բարձր գիտելիքներով կրթութիւն, որպէսզի ուսանողները վաղը կարենան կերտել երկրի ապագան: Հիմա ժամանակն է, որ մեր յարաբերութիւնները թեւակոխեն նոր փուլ. ժամանակն է, որ մենք, հիմնուելով նախորդ ծրագիրին վրայ, իրականացնենք քաղաքական նոր նախագիծ ու ընդլայնենք մօտ մէկ տասնամեակ Հայաստանի մէջ գործող ֆրանսական համալսարանի կարելիութիւնները», ընդգծած է Ժորժ Քեփենեկեան: