Նեթանիահու Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քննարկումները յետաձգած է մինչեւ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան աւարտը

05 de junio de 2018

Israel-Genocide_NetanԻսրայէլի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիահու ընդունած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան` Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծի քննարկումները մինչեւ Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին նախատեսուած արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտը յետաձգելու խորհուրդները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին 3 յունիսին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Վարչապետ Նեթանիահու ընդունած է արտաքին գործոց նախարարութեան խորհուրդները` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի վերաբերեալ խորհրդարանական քննարկումները յետաձգելու մինչեւ Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին նշանակուած ընտրութիւններու աւարտի պահը, որովհետեւ այդ հարցի` նախապէս նշանակուած ժամկէտին քննարկումը կրնար Էրտողանի կողմէ օգտագործուիլ նախընտրական արշաւին ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի պետական «Քան» ձայնասփիւռի կայանին տուեալներով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցի քննարկումը նախատեսուած էր 3 յունիսին: «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու յետաձգած է նախարարական օրէնսդիր յանձնախումբին մէջ նախատեսուող Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծին քննարկումը` խնդրելով, որ այդ նիւթը հեռացուի երէկ կայանալիք նախարարական յանձնախումբի հանդիպումի օրակարգէն, որուն ընթացքին պէտք էր քննարկուէր երկու օրինագիծ` Քնեսեթի մէջ անոնց վերաբերեալ քուէարկութենէն առաջ:

Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտըլշթայն 28 մայիսին անորոշ ժամանակով յետաձգած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով նոյն օրը ծրագրուած քուէարկութիւնը:

Իսրայէլեան «Տը Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին պնդումով` Էտըլշթայն այդ քայլը առած է անվստահ ըլլալով, որ փաստաթուղթը պիտի ապահովէ ձայներու մեծամասնութիւնը: 14 փետրուարին Իսրայէլի խորհրդարանը արդէն մերժած էր ընդդիմադիր «Եշ աթիտ» կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտի առաջարկած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը: