Նիկոլ Դուման: Ազգային մարտունակութիւն դարբնող արցախցի հայդուկապետը

14 de enero de 2015

 «Ի՛նչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է: Եւ մի ազգ,  եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ. միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ` քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:

                                                                                                                                                                  ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ

tuman12 Յունուարին կը նշենք հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին անզուգական հայդուկապետին՝ Նիկոլ Դումանի ծննդեան տարեդարձը։

1867ի այս օրը, Արցախի Խաչէն գաւառի (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի) Ղշլաղ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց ծնունդը Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեանի, որ կոչուած էր հայոց նորագոյն շրջանի պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը դնելու՝ իբրեւ առասպելատիպ Նիկոլ Դուման։

Վերջին հարիւրամեակին ամբողջ սերունդներ ոգեշնչուեցան Նիկոլ Դումանի օրինակով եւ աւանդով, որովհետեւ հայ կեանքի դժուարին բոլոր հանգրուաններուն, յատկապէս մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող օրհասական վտանգի պահերուն, հայոց աշխարհի ամէնէն խուլ անկիւններէն մինչեւ Հայկական Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հայութեան հաւաքական Ուժն ու Կամքը առաջնորդուեցան Նիկոլ Դումանի անմահ պատգամով՝

«Ի՛նչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ - եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել - պէտք է լինի զէնքի ընդունակ. միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։

Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան շարունակուող պայքարին մղում ու թափ տուող եւ մարտունակութիւն սորվեցնող այս մեծ պատգամին անձնդիր Առաքեալը կը հանդիսանայ Նիկոլ Դուման։
Միքայէլ Վարանդեանի նկարագրութեամբ՝

«Բարձրահասակ, նիհար, ջղուտ ու ոսկրուտ, մէջքը փոքր ինչ կորացած, սեւ, կայծկլտող աչքերով, ուժեղ, խուզարկու նայուածքով. պայծառ միտք, արագ ըմբռնող, ինքնավստահ ու կորովի, յանդուգն եւ ահեղ։ Հրամանատար մըն էր - սիրտը՝ պողպատ, խօսքը՝ կտրուկ, վճիռը՝ անդառնալի։ Երգեր հիւսեցին քիւրտերը անոր վարած կռիւներուն մասին - փայլուն ճակատամարտներու շարան մը։ Նիկոլ Դուման դաժան ու անխնայ էր ամէն կարգի ոսոխներու դէմ, նաեւ՝ ներքին հակառակորդներու։ Խարազանն էր շանթաժիստներու, դասալիքներու, անկարգապահ զինուորներու»...

Նիկոլ Տէր-Յովհաննիսեան «Դուման» (փոթորիկ) անուանուեցաւ անզէն հայուն պատուհասը դարձած քիւրտ հրոսակներուն կողմէ, որոնք սարսափահար վկաները եղան դաշնակցական հայդուկապետին մարտական խիզախութեան եւ անհաւասար ուժերով մղուած կռիւները յաղթանակով պսակելու ռազմական անպարտելիութեան։

Ռուբէնի գնահատումով՝ Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր «ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին։

Անառարկելիօրէն պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման։ Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, Դուման դրսեւորեց թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն։

Հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, Դուման մարմնաւորեց հայոց ռազմական ղեկավարի պողպատեայ կամքը՝ սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, իսկ այնուհետեւ՝ Պարսկական Սահմանադրական Շարժումին իր ղեկավար մասնակցութիւնը Ռոստոմի կողքին։

Դուման ամէն քայլափոխի առաջնորդուեցաւ մեր ժողովուրդին եւ, մանաւա՛նդ, հայ յեղափոխականի պողպատեայ կամքն ու երկաթեայ կարգապահութիւնը ամրապնդելու եւ հզօրացնելու հետեւողականութեամբ։ Եւ անվարան կարելի է շեշտել, որ Դաշնակցութիւնը յատկորոշող կազմակերպական երկաթեայ կարգապահութեան արմատաւորումին մէջ մեծագոյն ներդրումը ունեցող գործիչներէն եղաւ Նիկոլ Դուման։

Գերազանցապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր Դուման՝ բառին յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով։
Իր գործով ու նկարագրով՝ նիկոլ Դուման ազգային արժէքի վերածեց հայու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կերպարը։ Իբրեւ այդպիսին՝ միայն Դաշնակցութեան չպատկանեցաւ, այլեւ՝ արժանացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին։

Պատահական չէր, որ երբ 28 Սեպտեմբեր 1914ին տեղի ունեցաւ Դումանի յուղարկաւորութիւնը Թիֆլիսի մէջ, տեղւոյն հայութիւնը միասնական շարքերով ազգային աննախադէպ յուղարկաւորութեան արժանացուց իր հերոսական զաւակին։
Նոյնպէս պատահական չէր, որ ինքնասպանութեամբ իր անբուժելի հիւանդութեան վերջ տուած Դումանի անշնչացած մարմինը թաղուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման ընկերային նազովրեցիին՝ Սիմոն Զաւարեանի աճիւններու կողքին, հայոց Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ։ Ի վերջոյ, ինչպէս Իշխանը՝ Յովսէփ Արղութեան դամբանական իր խօսքին մէջ օրին կþընդգծէր, եթէ Զաւարեան հանդիսացաւ «մեր ազատագրութեան խիղճը», Դուման եղաւ «մեր ազատագրութեան մարտիկը»։

Նիկոլ Դուման իր մահուան պարագաներովն ալ ամրագրեց իր անուան շուրջ արդարօրէն հիւսուած հերոսական մեծութեան դիւցազներգութիւնը։ Թոքախտէ հիւծած «մեր ազատագրութեան մարտիկը», տեղեակ պահուելով Հայ Կամաւորական Շարժման շղթայազերծման համար Թիֆլիս հաւաքուած դաշնակցական քաջարի հայդուկներու զօրաշարժին եւ ապրելով այն անհուն տառապանքը, որ ի վիճակի չէր այլեւս իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու ազատագրութեան օրհասական գուպարին, նախընտրեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ զինք ֆիզիքապէս սպառած հիւանդ կեանքին։

Միաժամանակ՝ հայ Պետական գործիչի ինքնատիպ նախակարապետը եղաւ Նիկոլ Դուման, որ հետեւողականօրէն հետամուտ մնաց հայու ռազմական ուժը ազգային-հասարակական ամուր ենթակառոյցով օժտելու եւ պետական տարողութեամբ հզօրացնելու մեծ երազին։

1890ականներու սկզբնաւորութեան, Թաւրիզի ու Սալմաստի մէջ, Դաշնակցութեան զինագործարանի հիմնումէն մինչեւ Երկիր անցնող՝ սահմանը կտրող հայ ֆետայիներու զինուորական պատրաստութեան գործը, Դուման առաջին քայլերը նետեց հայոց ազգային-ազատագրական շարժումը պետական տարողութեամբ կազմակերպելու ուղղութեամբ։

Նոյն տեսիլքով գործեց 1890ականներու երկրորդ կիսուն, երբ իր կարգին Երկիր մտաւ։ Միշտ մեծաթիւ արշաւախումբերու կազմակերպման ու անոնց Դէպի Երկիր առաքման ռազմավարութեան դրօշակիրը դարձաւ, որպէսզի ստրկացուած մեր ժողովուրդին ազգային ինքնավստահութիւնն ու ռազմունակութիւնը վերականգնէ։ Խանասորի Արշաւանքը ծնունդ առաւ հայ պետական գործիչի այդ տեսիլքէն եւ դարձակէտ կազմեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որովհետեւ մէկանգամընդմիշտ շրջեց հայու անզօրութեան ու թաւալգլոր անկումի ընթացքը՝ հաստատելով, որ հակառակ պարսկական, ռուսական թէ թրքական տիրապետութեան պատճառած ախտերուն, հայ ժողովուրդը ի վիճակի է իր մարտունակութեան նորովի թափ տալու եւ հայրենի իր հողին վրայ պետականօրէն տանտէր կանգնելու...

Միեւնոյն տեսիլքը առաջնորդեց Նիկոլ Դումանի մտքերն ու քայլերը, երբ 1905-1906ին, ողջ Անդրկովկասի տարածքին, հայ ժողովուրդին դէմ հրահրուած թուրք-թաթարական յարձակումներուն դէմ՝ Հայդուկապետը ռազմական ղեկավարը դարձաւ հայոց ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Ստանձնեց հրամանատարութիւնը Երեւանի նահանգի հայոց ինքնապաշտպանութեան, ուժեղ հարուածներու տակ սանձեց մոլուցքը թաթարական ամբոխին, նաեւ ու մանաւանդ՝ ցարական նենգ հրձիգութեան, որ ազգամիջեան բախումներու հրահրումով կը փորձէր իբր թէ փրկել Ցարիզմի փուլ եկող կայսերապետութիւնը։

Պետական գործիչի միեւնոյն ներշնչումով՝ Նիկոլ Դուման կանգնեցաւ Ռոստոմի եւ Եփրեմի կողքին Պարսկաստանի մէջ, միասնաբար ղեկավարելու համար հայ յեղափոխականներու մարտական զօրակցութիւնը պարսիկ Սահմանադրական Շարժումին, ընդդէմ խաներու խաւարամտութեամբ հաստատուած Շահի բռնակալութեան, որ հակահայ դաւադիր գործարքի մէջ էր թրքական իշխանութեանց հետ։

Այս բոլորով՝ Նիկոլ Դումանի անունը անջնջելի իր տեղը կը գրաւէ հայոց պետականութեան վերականգնումի ոսկեմատեանին մէջ։

Յատկապէս Դումանի քարոզած ազգային ինքնապաշտպանութեան եւ մարտունակութեան ռազմավարական ուղղութիւնը միշտ յուշարար պիտի մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապրող սերունդներուն համար։

Նիկոլ Դուման ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց՝

«... Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում, նա չարաչար սխալւում է։ Պաշտպանողական սահմաններում ապահով մնալու համար հարկաւոր է, որ յարձակման ենթարկուած կողմն ընդհարման բոլոր կէտերում լինի թուով աւելի, քան հակառակորդը, որակով բարձր եւ ունենայ աւելի շատ կատարելագործուած զէնքեր ու առատ ռազմամթերք։ Բայց որովհետեւ բոլոր կէտերում անկարելի է ունենալ այդ առաւելութիւնները,- ուստի անհրաժեշտ է դառնում որոնել կռուի համար ուրիշ, աւելի նպատակայարմար գործելակերպ (տակտիկ)։ ...Պէտք է փոխարէնը (յարձակման) անպատճառ հատուցանել անյապաղ, որպէսզի նա (հակառակորդը) չխրախուսուի անպատիժ յաղթութիւնից եւ չանի նորանոր քայլեր։ Այստեղից պարզ երեւում է, որ երկու դէպքումն էլ հակայարձակումը դառնում է հրամայական»։

Ա՛յս համոզումով էր, որ Դուման անմնացորդ նուիրուեցաւ հայու ռազմական ուժը ամուր ենթակառոյցով օժտելու եւ հզօրացնելու սուրբ գործին։

Որովհետեւ՝

Սեփական կեանքն ու ինչքը, հայրենի հողն ու ազգային իրաւունքը ամէն կարգի թշնամիներու յարձակապաշտութեան դէմ պաշտպանելու համար, ամէն պարագայի նախայարձա՛կ ըլլալ պէտք է, որպէսզի ոեւէ թշնամի կամ հակառակորդ Հայաստանն ու հայութիւնը ոտնակոխելու եւ անպատիժ մնալու յաւակնութիւնը չսնուցանէ։

Ն. Պէրպէրեան