Նիկոլ Փաշինեանի կոչը նպաստեց Արցախի մէջ բողոքի ցոյցին խաղաղ հանգուցալուծման

05 de junio de 2018

protestas Artsaj 2Յու­նիս 4ի ե­րե­կո­յեան, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ծա­ւա­լած ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ հան­դի­պում ու­նե­ցան Ար­ցա­խի պե­տա­կան նա­խա­րար Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին ա­ռի­թով կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նի ար­տա­հերթ նիս­տի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած հար­ցե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած կա­ռա­վա­րու­թեան ընդ­լայ­նո­ւած նիս­տին ար­դիւնք­նե­րը:

Պե­տա­կան նա­խա­րա­րը նախ հան­դի­պե­ցաւ նա­խա­ձեռ­նող խում­բին հետ եւ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան փո­ղո­ցը հա­ւա­քո­ւած ցու­ցա­րար­նե­րուն: ­Յա­րու­թիւ­նեան ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով բո­լո­րին, որ բարձ­րա­ձայ­նե­ցին հան­րա­յին հրա­տա­պու­թիւն հան­դի­սա­ցող խնդիր­ներ:

«­Դուք նոր էջ բա­ցած էք Ար­ցա­խի պատ­մու­թեան մէջ: Ա­ռա­ջին ան­գամ ան­կախ Ար­ցա­խի մէջ սկսած է շար­ժում մը, որ ծա­գած է ինք­նա­բուխ՝ ու­նե­նա­լով յստակ օ­րա­կարգ: Այ­սօր կա­յա­ցած կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան ձեր կող­մէ բարձ­րա­ցո­ւած պա­հանջ­նե­րը, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ տրո­ւե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ եւ կա­տա­րո­ւե­ցան դի­տո­ղու­թիւն­ներ: Քն­նար­կո­ւե­ցաւ ոչ միայն ու­ժա­յին, այ­լեւ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման ողջ հա­մա­կար­գին մէջ պաշ­տօ­նէու­թեան եւ կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ա­մե­նա­սեղմ ժամ­կէտ­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծե­լու խնդի­րը: ­Պի­տի ստեղ­ծո­ւի հան­րա­յին խոր­հուրդ, ուր պի­տի ընդգր­կո­ւին նաեւ ցոյ­ցին նա­խա­ձեռ­նած խումբ մը ան­դամ­ներ, ո­րոնք հան­րա­յին վե­րահս­կո­ղու­թիւն պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն նա­խա­տե­սո­ւող բա­րե­փո­խում­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար»,- յայտ­նեց ­Յա­րու­թիւ­նեան: Ան ցու­ցա­րար­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց նաեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի կո­չը, որ ցու­ցա­րար­նե­րը կը յոր­դո­րէր ա­ռիթ տա­լու Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար խոս­տա­ցո­ւած բա­րե­փո­խում­նե­րը:

Նա­խա­ձեռ­նող խում­բի ան­դամ­նե­րը ըն­դա­ռա­ջե­ցին պե­տա­կան նա­խա­րա­րին կո­չին եւ խոս­տա­ցան դադ­րեց­նել բո­ղո­քի ցոյ­ցը:
Շարժ­ման ա­ռաջ­նորդ ­Դա­ւիթ ­Սի­մո­նեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­ւել­ցուց.- «Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ի դէմս նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի եւ պե­տա­կան նա­խա­րար Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի, մե­զի ըն­դա­ռա­ջե­լու եւ մեր պա­հանջ­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­լու հա­մար, ինչ­պէս նաեւ կ­՛ող­ջու­նենք Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի կո­չը՝ կա­պո­ւած Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն: Ա­սի­կա Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին յաղ­թա­նակն է»։

Ա­պա՝ ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն տուն վե­րա­դառ­նա­լու կոչ ը­նե­լով՝ ան խոս­տա­ցաւ հե­տե­ւիլ հան­րու­թեան կող­մէ բարձ­րա­ցո­ւած հար­ցե­րուն լու­ծում տա­լու գոր­ծըն­թա­ցին:

Ն­շենք, որ ­Փա­շի­նեան ­Յու­նիս 4ին շեշ­տած էր, թէ Ար­ցա­խի ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն «պա­հո­ւած­քը մտա­հո­գիչ է»՝ ա­ւելց­նե­լով, որ «ի­րա­վի­ճա­կը պէտք է յստակ լու­ծում­ներ ստա­նայ եւ շատ յստակ հե­տե­ւու­թիւն­ներ բե­րէ». ան վստա­հե­ցու­ցած էր, որ ու­շի-ու­շով կը հե­տե­ւի Ար­ցա­խի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ կա­պի մէջ ե­ղած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի հետ:

«Ըստ էու­թեան՝ ցոյ­ցը իր նպա­տա­կին հա­սած է, եւ այժմ գնդա­կը Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դաշտն է»,- եզ­րա­կա­ցու­ցած էր ­Փա­շի­նեան՝ ա­ւելց­նե­լով.- «­Ճիշդ կ­՛ըլ­լայ, որ յար­գե­լի ցու­ցա­րար­նե­րը գնդա­կը ձգեն Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դաշ­տը։ Կա­րե­ւոր է, որ ի­րա­վի­ճա­կը հան­գու­ցա­լու­ծո­ւի հա­մա­ձայ­նու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ»: